«Երկիր».-Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեան ներկայացուց իր հրաժարականը եւ յայտարարեց, որ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մէջ եւ յառաջիկայի ընդհանուր պարունակին մէջ այս քայլը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին ծառայելու նախընտրելի եւ ամէնէն հիմնաւորուած տարբերակն է:

«Այս որոշումը ես առած եմ նոյնքան վստահ, որքան  որ մեր երկրին համար բախտորոշ փուլի մը մէջ յօժարած էի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը ստանձնել: Մէկուկէս տարուան իմ գործունէութիւնը միշտ բոլորիդ ակնյայտ եղած է, եւ ամէն քայլ մէկ սկզբունքով առած եմ՝ հայրենիքն ու սպայի պատիւը ամէն ինչէ վեր դասելով:

«Պետականաշինութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի՝ որոշումներու տարերայնութիւնը, գործողութիւններու յախուռնութիւնը, առաջնայինը երկրորդականէն, իսկ անցողիկը մնայունէն չտարբերելու գործելաոճը այն ճանապարհը չէ, որ դէպի նպատակներու իրականացում կը տանի: Ընդհանրապէս սպայի արժանապատուութեան հետ կապ չունի. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացքը անհամատեղելի են: Իմ հրաժարականը թող ըլլայ «Կանգ ա՛ռ»ի սթափեցնող քայլ, մնացած բոլոր տարբերակներով պիտի յաղթէ հայրենիքին հանդէպ պարտքը: Խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն մեր երկրին», յայտնեց ան։

Այս մասին խօսելով՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատեց, որ ինք ստորագրած է Վանեցեանը աշխատանքէն զերծ կացուցանելու միջնորդագիր, որուն վերաբերող հրամանագիր մը ստորագրած է նախագահ Արմէն Սարգսեան։

Ն. Փաշինեան յայտնեց, որ այդ մէկը տեղի ունեցած է քանի մը քննարկումներու ընթացքին ԱԱԾ-ի տնօրէնին հետ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ: «Մենք քննարկած ենք պարոն Վանեցեանի հետագայ գործունէութեան  քանի մը տարբերակներ, եւ այդ տարբերակները ընթացքին պիտի քննարկուին: Այս պահուն, կը կարծեմ, պարոն Վանեցեան կը կեդրոնանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչին հասցնելու շատ կարեւոր, ազգային եւ պետական հարցին լուծման», դիտել տուաւ վարչապետը: