Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթիեւը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Սուրիոյ նախագահութեան պաշտօնական կայքին համաձայն, Լաւրենթիեւ տեղեկացուց Ասատ Ասթանայի հովանաւոր երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին օրակարգը, յայտնելով, որ Ռուսիա ջանք չի խնայեր տագնապի լուծման բոլոր խոչընդոտները վերացնելու եւ Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու համար:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի վերջին զարգացումներուն: Ռուսական պատուիրակութիւնը շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ ռազմավարական կայուն բարեկամութենէն մեկնած, Մոսկուա պատրաստ է Դամասկոսի հետ գործակցութիւնն ու զինուորական գործողութիւնները շարունակելու՝ մինչեւ Սուրիոյ ամբողջական ազատագրումը:
Այս շրջագիծէն ներս, լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ կողմերը համաձայնած են նաեւ սահմանադրական յանձնախումբին անդամներուն շուրջ, սակայն յանձնախումբին աշխատանքին շուրջ ցարդ որոշում չէ գոյացած: