ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեան, հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը, Հայաստանի Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածին, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Պետական Պարգեւներու եւ Պատուաւոր Կոչումներու» օրէնքին 5.3-րդ յօդուածի առաջին մասին համաձայն, 19 Սեպտեմբեր 2019-ին, երկարամեայ արդիւնաւէտ եւ բարեխիղճ գործունէութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան խումբ մը աշխատակիցներ պարգեւատրած է: Մխիթար Գօշի մետալով պարգեւատրուած է ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Գուրգէնի Սարգսեանը: