«Երկիր».- ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, թէ աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ ժամանած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ Լոս Անճըլոսի քաղաքապետարանին մէջ մասնակցած է Լոս Անճըլոսի քաղաքապետ Էրիկ Գարսէթիի անունով տրուած պաշտօնական ընդունելութեան:
Վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր մասնաւորապէս ըսաւ.
«Մեծարգոյ փոխնահանգապետ Էլենի Կունալակիս,
յարգարժան քաղաքապետ Գարսէթի եւ քաղաքային խորհուրդի անդամ Քրեկորեան,
պատուաւոր պետական այրեր,
յարգելի վերահսկիչներ` տիկին Փարքըր եւ տիկին Սոլիս,
Լոս Անճըլոսի քաղաքային խորհուրդի անդամներ,
գերաշնորհ հոգեւոր հայրեր,
ձերդ գերազանցութիւններ,
ընտրեալ եւ առաջադրուած պաշտօնեաներ,
յարգելի հիւրեր,
տիկնայք եւ պարոնայք,
Շատ ուրախալի է ինծի համար այսօր այստեղ գտնուիլ: Ես կը փափաքէի խորին շնորհակալութիւն յայտնել Լոս Անճըլոսի քաղաքապետ պարոն Գարսէթիին` այս գեղեցիկ իրադարձութիւնը կազմակերպելու եւ մեր հաղորդակցութեան համար առիթ ընձեռելու համար:

Պարոն Գարսէթի, մենք բարձր կը գնահատենք ձեր նուիրումն ու աջակցութիւնը հայ համայնքին: Օգտուելով առիթէն` ես կը փափաքէի նաեւ իմ խորին գնահատանքը յայտնել Խորհուրդի անդամ Փօլ Քրեկորեանին, վերահսկիչներ Քեթրին Փարքըրին եւ Հիլտա Սոլիսին` հանրային ձեռնարկի կազմակերպման իրենց արժէքաւոր ներդրումին համար:
Կը փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Գեւին Նիւզոմին, որ չկրցաւ մասնակցիլ այս հանդիպումին, եւ որուն հետ պիտի հանդիպիմ հետագային Նիւ Եորքի մէջ` բարեկամութեան եւ Հայաստան-Քալիֆորնիա գործընկերութիւնը յառաջ մղելու իր նուիրումին համար: Այդ հանդիպումին Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ կը ստորագրուի համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիր:
Իմ անկեղծ շնորհակալութիւնը փոխնահանգապետ Ելենի Կունալակիսին` այսօր մեզի հետ ըլլալու համար:
Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ իր յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու, Քալիֆորնիոյ մեծ նահանգի եւ Լոս Անճըլոս քաղաքին հետ: Սա աշխարհի այն եզակի վայրերէն մէկն է, ուր մենք ունինք հայկական մտաւոր, մշակութային, կրօնական եւ ֆինանսական ներուժի մեծ կեդրոնացում: Եւ սա շատ մը առումներով կը ծնի հզօր կեդրոնաձիգ ուժ աշխարհասփիւռ 10 միլիոն հայերու համար:
Ես ուրախ եմ այսօր, երբ կը տեսնեմ այս ձեռնարկին ներկայ հայկական աւանդական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն: Ես ուրախ եմ, որ կը տեսնեմ բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներու ծաղկուն համայնքները: Ես ուրախ եմ, որ այստեղ կը տեսնեմ մշակութային, կրթական, ֆինանսական եւ փաստաբանական կազմակերպութիւններ: Լոս Անճըլոսը` իր հայկական եկեղեցիներով, յուշարձաններով, դպրոցներով, մշակութային եւ մարզական կեդրոններով հայերու հիմնարար համարկումին հիանալի օրինակ է ամերիկեան հասարակութեան մէջ:
Սա շատ ամուր հիմք է, մնայուն կռուան` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ, որ իսկապէս փոխազդեցիկ եւ օգտակար է:
Այսօր մեր ամուր կապերը կը շարունակեն ալ աւելի ամրապնդուիլ մշակութային փոխանակումներով, համատեղ ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ, ինչ որ անշեղօրէն կը բարձրացնեն մեր փոխվստահութեան, փոխադարձ աջակցութեան ու փոխըմբռնման մակարդակը:
Յաջորդ տարի մենք պիտի յիշատակենք Երեւանի եւ Լոս Անճըլոսի միջեւ Քոյր քաղաքներու համաձայնագրի 15-ամեակը, ինչ որ պիտի ընթանայ շարք մը նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նպաստեն երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան: Մենք բարձր կը գնահատենք նախկին քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայգոսայի եւ ներկայիս քաղաքապետ Էրիկ Գարսէթիի` այս համագործակցութիւնը խթանելու եւ ընդլայնուած գործընկերութեան նոր հնարաւորութիւններ դիտարկելու ջանքերը:
Այս այցելութեան ընթացքին, մենք մէկ քայլ եւս կը ձեռնարկենք մեր բարեկամութիւնը առաւել գործնական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու համար: Վաղը մենք ունինք մեծ Քալիֆորնիա-Հայաստան գործարար շրջանակին հետ ժողով, որուն կը յաջորդէ երկու կարեւոր պայմանագրերու կնքման արարողութիւնը` ուղղուած մեր առեւտրատնտեսական կապերու զարգացման:
Ասիկա լաւ առիթ է` մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու Քալիֆորնիա նահանգի եւ Լոս Անճըլոս քաղաքի իշխանութիւններուն` մեր երկրի մշակութային եւ աւանդական արժէքները մշտապէս ի ցոյց դնելու համար: Դա արժէքաւոր ներդրում է այս երկրին մէջ Հայաստանը առաւել ճանաչելի դարձնելու եւ այն ամերիկեան զբօսաշրջական քարտէսներու վրայ երեւակելու ուղղութեամբ: Բոլոր այդ փառատօնները, շարժանկարներու ցուցադրութիւնները, համերգները եւ միւս ձեռնարկները ազդակներ կը ստեղծեն Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ աւելի գործնական փոխանակումներու, մարդկանց միջեւ աւելի առարկայական շփումներու համար:
Կը փափաքէի յայտնել մեր երախտագիտութիւնը Քալիֆորնիա նահանգի եւ Լոս Անճըլոս քաղաքի իշխանութիւններուն` այս մեծ քաղաքի սրտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացման օժանդակելու համար: Ան վեր կը յառնի որպէս Լոս Անճըլոսի հանրային տարածքին վրայ կառուցուած առաջին յուշահամալիրը` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակին: Ան նաեւ մեր համայնքի երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է Միացեալ Նահանգներուն, ամերիկացի ժողովուրդին, Քալիֆորնիա նահանգին եւ այս գեղեցիկ քաղաքին:
Մենք կ՛ակնկալենք շարունակել մեր գործակցութիւնը Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններուն հետ: Մենք կ՛ակնկալենք սերտացնել մեր փոխանակումները Լոս Անճըլոս քաղաքին հետ: Մենք պատրաստ ենք ամրապնդել մեր բարեկամութիւնը Քալիֆորնիոյ ընտրուած պաշտօնեաներուն հետ, որոնցմէ շատերը Հայաստանի նուիրեալ բարեկամներն են Քալիֆորնիոյ հայամէտ պատգամաւորական խումբին, Ծերակոյտի Քալիֆորնիոյ յանձնախումբին մէջ, Հայաստանի եւ Արցախի հետ փոխադարձ առեւտուրի կեդրոններուն մէջ, արուեստի եւ մշակութային փոխանակման օջախներուն մէջ, եւ ի հարկէ, Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբին:
Մենք կը բարելաւենք հայ-քալիֆորնիական համագործակցութեան խորացման մեր ջանքերը, իսկ Լոս Անճըլոս քաղաքը կ՛ըլլայ հիմնական կիզակէտը` միանգամայն հասկնալի պատճառներով: Վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները աշխոյժ կերպով կը զարգանան` ընդգրկելով նորանոր նախաձեռնութիւններ եւ միատեղ ջանքեր:
Շնորհակալ եմ բոլորիդ, որ այսօր այստեղ եք»:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ Լոս Անճըլոսի քաղաքապետ Էրիկ Գարսէթին, Լոս Անճըլոսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Քրեքորեան, ԱՄՆ-ի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Լոս Անճըլոսի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան: