Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ 25 Սեպտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Աւստրալիոյ դաշնային եւ նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Ճոն Ալեքսանդրն ու Հիւ Մաք-Տերմոթին, որոնք Արցախ կը գտնուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Աւստրալիոյ Արցախի մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեանի ուղեկցութեամբ:

Ազգային Ժողովի նախագահը երախտիքի խօսք յայտնած է հիւրերուն` Աւստրալիոյ եւ Արցախի կապերու հիմնարկութեան ուղղուած գործունէութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին` հետեւողական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար: Աշոտ Ղուլեան, խօսելով Աւստրալիոյ եւ Արցախի գործակցութեան հեռանկարներու մասին, անդրադարձած է 24 Սեպտեմբերին «Արցախ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի ստեղծման:
Խորհրդարանի ղեկավարը ըսած է. «Սա այն մեծ գործի շարունակութիւնն է, որ դուք սկսած էք 1 Օգոստոսին` ձեւաւորելով «Արցախի Աւստրալիացի բարեկամներ» խումբը»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Աւստրալիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ճոն Ալեքսանդրը խօսած է հայ-աւստրալիական վաղեմի բարեկամութեան մասին յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Խորհրդարանականը կարեւոր համարած է աւստրալահայերու դերակատարութիւնը` այն համարելով մարդկային կամուրջ` երկու երկիրներու միջեւ:
Հիւ Մաք-Տերմոթը եւս իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է այսուհետեւ աջակցելու Արցախին:
«Ժողովրդավարական այս երկիրը պէտք է ապրի, եւ աշխարհը պէտք է ճանչնայ», յայտնած է խորհրդարանականը:
Հանդիպման աւարտին ԱԺ նախագահը հիւրերուն յանձնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով Ճոն Ալեքսանդրին շնորհուած «Վաչագան Բարեպաշտ» եւ Հիւ Մաք-Տերմոթին շնորհուած «Երախտագիտութիւն» պետական պարգեւները:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ ԱԺ պատգամաւոր, «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան:
Աւստրալիոյ խորհրդարանականները այնուհետեւ հանդիպած են «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն:
Ողջունելով հիւրերը` շրջանակի նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան շնորհակալութիւն յայտնած է այս տարիներուն խորհրդարանականներուն կատարած աշխատանքին համար եւ յոյս յայտնած, որ այսուհետեւ միասին պիտի քալեն ` բաժնեկցելով համատեղ յաջողութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին երկուստէք կարեւոր համարուած է համագործակցութեան ուղղութիւններու ամրագրումը եւ պարբերական յարաբերութիւններու անհրաժեշտութիւնը: