«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ արեւելեան Քահրամանմարաշ Տուլքատիրօղլուի շրջանին թուրք հնագէտ մը իբրեւ թէ «Օրինական ճամբով» գանձ կ’որոնէ նախապէս հայերուն պատկանող բնակելի տարածքին մէջ:
Հնագէտ Հատիճէ Քըլըչասլան յայտնած է, որ տարածքը պատկանած է հայերուն եւ հրէական թաղամաս եղած է:
Ան հաւատացած է, որ տարածքը փորելով ոսկի պիտի գտնեն:
Աղբիւրին համաձայն, փորելու աշխատանքները կատարուած են անվտանգութեան միջոցներու ապահովումով:
Հնագէտը յայտնած է, որ հայերուն պատկանող բնակելի տարածքի քանդման աշխատանքները պիտի տեւեն 3 օր:
«Հոս նախապէս առանձնատուն եղած է: Մտածելով, որ առանձնատան բակին մէջ սենեակ եղած է եւ այդ սենեակին մէջ գանձ կայ, սկսանք պեղումներ իրականացնել: Տարածքը փորելու համար ստացած ենք անհրաժեշտ թոյլտւութիւնը», ըսած է հնագէտը: