«Արմէնփրէս».- Հայաստան ժամանեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Հասան Ռոհանի:
Ռոհանի 1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ ներկայ պիտի ըլլայ Բարձրագոյն Եւրասիական տնտեսական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին` հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով: Նիստին պիտի մասնակցին ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու ղեկավարները` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն, Խրխզիստանի Հանրապետութեան նախագահ Սոորոնպա Ժէենպեքով, Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ Ժոմար-Թոքաեւ եւ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի Միութեան նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
Սինկափուրի Հանրապետութեան վարչապետ Լի Սյէն Լուն նաեւ ներկայ պիտի ըլլայ` հրաւիրեալ երկրի ղեկավարի կարգավիճակով, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոն` դիտորդի կարգավիճակով ներկայ գտնուող երկրի ղեկավար: