Երկուշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ 7 տարի ետք տեղի ունեցաւ իրաքեան-սուրիական Պուքամալ-Քաաէմ սահմանային միջանցքին պաշտօնական բացումը:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Խալէտ Ռահմունի եւ իրաքեան սահմանային միջանցքներու խորհուրդի նախագահի ներկայացուցիչ, Իրաքի վարչապետ Քազէմ Ուքապի:
Ռահմուն շեշտեց, որ միջանցքին բացումը իրականացաւ սուրիական եւ իրաքեան բանակներուն արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ:
Յիշեցնենք, որ 19 Հոկտեմբեր 2017-ին, սուրիական բանակը ազատագրեց ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ առնուած Պուքամալ քաղաքը եւ անոր շրջակայքը: