Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ, Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնաժողովի համանախագահներ Ֆրանք Փալօնէն, Ճեքի Շպայեր, փոխնախագահ Ատամ Շիֆ ԱՄՆ կառավարութենէն պահանջած են «անմիջապէս դադրեցնել Ատրպէյճանին յատկացուող զինուորական օգնութիւնը»:
27 Սեպտեմբերին ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփէոյին եւ պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփէրին հասցէագրուած նամակին մէջ քոնկրեսականները, մատնանշելով Փենթակոնի կողմէ Պաքուին յատկացուող միջոցներուն ծաւալումը, կոչ ուղղած են վերանայիլ ԱՄՆ-ի կողմէ Ատրպէյճանին կատարուած յատկացումներու զեկոյցը: