«Երկիր».-Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան էջը կը հաղորդէ, որ 22-էն 28 Սեպտեմբերին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ Ատրպէյճան խախտած է զինադադարի պահպանման կարգը աւելի քան 150 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով մօտաւորապէս 1600 կրակոց:

Բացի հրադադարի խախտումէն, 22 Սեպտեմբերին` ժամը 16:15 անց, արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին հարաւարեւելեան հատուածին մէջ հաստատուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ հակառակորդը ձեռնարկած է նաեւ ներթափանցման փորձի:

Արցախի բանակի դիրքապահ անձնակազմին հմուտ գործողութիւններով, թշնամին, չէզոք գօտիին վրայ մէկ դիակ ձգելով նահանջած է:

Շաբթուան ընթացքին հակառակորդը դիմած է նաեւ օդային սադրանքի, որ նոյնպէս յաջողութեամբ կանխուած է Արցախի բանակի զինուորներուն կողմէն: Յատկապէս 25 Սեպտեմբերին` ժամը 10:15 անց, բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները Ակնայի հատուածին մէջ խոցած են հետախուզական թռիչք կատարող հակառակորդի «ORBITER-2» տիպի անօդաչու թռչող սարքը:

Բանակի առաջապահ զօրամասերը վճռակամօրէն կը հսկեն Արցախի օդային եւ ցամաքային սահմանները եւ կը շարունակեն իրենց կամքը պարտադրել հակառակորդին: