ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում  ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ անցած առանձնազրոյցի ընթացքին Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսիոյ նախագահը քննարկած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Զրուցակիցները յատկապէս անդրադարձ  կատարած են հայ-ռուսական տնտեսական գործակցութեան, ռազմաքաղաքական գործընկերութեան հետագայ ամրապնդման, տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերուն:

Նախագահ Վլատիմիր Փութին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին պաշտօնական այցելութեամբ հրաւիրած է Ռուսիա: