«Ակունք».- Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան Մշակութային հարստութիւններու եւ թանգարաններու գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավարութեամբ Պինկէօլի Սոլհան գաւառի Մուրատ գիւղին մէջ գտնուող Նորիկ անուամբ բլուրին վրայ անցեալ տարի մեկնարկած պեղումները կը շարունակուին` «ֆըրաթ», «Իւզիւնճի Եըլ» եւ «Պինկէօլ» համալսարաններու մասնագէտներուն մասնակցութեամբ:

Էլազըղի թանգարանի տնօրէն Զիա Քըլըչի ղեկավարած պեղումներուն կը մասնակցի 158 հոգինոց  խումբ մը, որ գտած է ուրարտական  ժամանակաշրջանին պատկանող բազմաթիւ իրեր, ինչպէս նաեւ 3 հազարամեայ հնութիւն ունեցող ցորենի հատիկներ:

«Ֆըրաթ» համալսարանի Ընկերաբանական հիմնարկի  հնագիտութեան բաժինի դասախօս Ապտուլքատիր Օզտեմիր լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ցորենի տեսակը որոշելու նպատակով զայն պիտի ուղարկեն ԱՄՆ-ի տարրալուծարաններէն մէկը:

Թարգմանեց
Մելինէ Անումեան