«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սինկափուրի միջեւ ստորագրուեցաւ ծառայութիւններու, առեւտուրի ու ներդրումներու մասին համաձայնագիր: Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 1 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ Եւրասիական տնտեսական Բարձրագոյն խորհուրդի ընդլայնուած կազմով գումարուած նիստէն ետք: Համաձայնագիրը հայկական կողմին անունով ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը ստորագրեց:

29 Սեպտեմբերին Հայաստանի եւ Սինկափուրի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեան եւ Լի Սիէն Լուն իրենց հանդիպումին ընթացքին հաստատած են, որ ծառայութիւններու, առեւտուրի եւ ներդրումներու մասին երկկողմ համաձայնագիրը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման:

1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ Սինկափուրի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ  կնքուած է ազատ առեւտուրի համաձայնագիր: