Այսօր, Պոլսոյ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ Հայ մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի արձանին բացումը կատարուեցաւ։ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Սահակ Եպս. Մաշալեան իր դիմատետրի էջին վրայ կը գրէ. «Յայտնի երգիծաբան Յակոբ Պարոնեան իր գործերուն մէջ կը մատնանշէ համայնքային հարցերը: Իր ուրոյն ոճով կերտած երգիծական գրականութիւնը մեծ ընդունելութիւն գտած է մեր մօտ: Այսօր, Սարգիս Կիւլէկէչի բարերարութեամբ եւ Էրօլ Սարաֆեանի ձեռամբ պատրաստուած Յակոբ Պարոնեանի արձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ Պօղոս Չալկճեանին, որոնց մասնակցութեամբ լաւապէս ոգեկոչեցինք Յակոբ Պարոնեանը»։