«Արմէնփրէս».-Տեղեկատուական ճարտարագիտական համաշխարհային համաժողովին ստեղծուած WCIT նուագախումբը ազդարարեց Երեւանի մէջ WCIT-2019 համաժողովի մեկնարկը: 6 Հոկտեմբերին Հանրապետութեան Հրապարակին մէջ ընթացող համերգային երեկոյին կ՛ունենայ նաեւ աշխարհահռչակ DJ Արմին վան Պիւրէն:
Համերգին ներկայ էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Նուագախումբի երաժիշտները կը ներկայացնեն այն երկրները, որոնք նախապէս հիւրընկալած են Տեղեկատուական ճարտարագիտական համաշխարհային համաժողովները: Աննախադէպ ձեւաչափ ունեցող նուագախումբի համերգային ծրագիրին մէջ ներառուած են համաժողովը հիւրընկալած երկիրները խորհրդանշող երաժշտական գործեր, հայ հեղինակներու լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն կազմուած շարք:
Յայտնի ստեղծագործութիւններէն բացի, WCIT նուագախումբը, առանց նախապէս ծանօթ ըլլալու ստեղծագործութեան, համերգին առաջին անգամ արհեստական բանականութեամբ ստեղծած երաժշտութիւն կը կատարէ: Արհեստական բանականութեամբ շարականի հիման վրայ«սովորեցուցած են» ստեղծագործել:
WCIT համաշխարհային նուագախումբի ստեղծման գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր վարիչ Սերկէյ Սմբատեանին, որ նաեւ կը ղեկավարէ խումբը, եւ կեանքի կոչուած է WCIT-2019-ի կազմակերպիչներու աջակցութեամբ:
Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ ընթացող համերգին ներկայ են WCIT-2019 համաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան ժամանած հիւրերն ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Տեղեկատուական ճարտարագիտական ոլորտի ամենահեղինակաւոր իրադարձութեան Հայաստան կը ներկայանայ մեքանախագիծով, աննախադէպ նորարարութեամբ` համաժողովին համայնքի առանցքային գործիչներուն ցոյց տալով, որ նոր գաղափարներ որդեգրող երկիր է:
Տեղեկատուական ճարտարագիտական համաշխարհային համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 6-9 Հոկտեմբերին , Հայաստանի մէջ պիտի հիւրընկալուի ՀՀ կառավարութեան բարձր հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ: