«Արմէնփրէս».-Աշխատանքային այցելութեամբ Շուէտի Համադաշնութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 7 Հոկտեմբերին Ժընեւի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի (World Economic Forum) կեդրոնակայանէն ներս հանդիպած է ֆորումի հիմնադիր, փրոֆ. Քլաուս Շուապին հետ:
Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը ծանօթ է առաւելաբար որպէս Տաւոսի ամենամեայ ֆորում, որ ամէն տարի կը համախմբէ աշխարհի քաղաքական ու տնտեսական առաջնորդները, գործարար հանրութեան, միջազգային տնտեսական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու հեղինակաւոր փորձագէտները` քննարկելու եւ լուծումներ առաջարկելու ժամանակակից աշխարհի համաշխարահյին հարցերուն ու մարտահրաւէրներուն մասին:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են գործակցութեան, միատեղ ծրագիրներու իրականացման մատչելի այն ուղղութիւններուն շուրջ, ուր Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը կրնայ իր ներդրումը ունենալ: Որպէս գործակցութեան մեծ ներուժ ունեցող ոլորտներ նախագահ Սարգսեան յատկապէս առանձնացուցած է բարձր ճարտարագիտական, արհեստական բանականութիւնը եւ ուսողական ձեւաչափը:

Յիշուած է, որ ֆորումը իր ծրագիրներուն մէջ գործընկեր կրնայ ըլլալ նախագահական նոր նախաձեռնութիւններէն մէկուն` Հայաստանի գիտութեան եւ ճարտարագիտական զարգացման առնչուող ATOM (Advanced Tomorrow) ծրագիրին համար, որ քանի մը բաղադրիչ պիտի ունենայ: Նախատեսուած է, որ այս նախաձեռնութիւնը ներառէ գիտութեան ու ճարտարագիտութեան քաղաք, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան միջազգային մեծ կազմակերպութիւններ, գիտահետազօտական կեդրոններ եւ համալսարաններ, պիտի ստեղծուի նաեւ «Վաղուան թանգարան»` ապագայի թանգարան:
Քլաուս Շուապ ըսած է, որ հետաքրքրուած է նաեւ համաշխարհային աշխարհի զարգացման մասին նախագահ Արմէն Սարգսեանի տեսլականով եւ ուրախ պիտի ըլլան լսելով անոր տեսակէտները քաղաքականութեան, ժամանակակից աշխարհի զարգացման ուղղութիւններուն ու միտումներուն մասին: