«Ապառաժ».-8 Հոկտեմբերին, Արցախ ժամանած են ԱՄՆ քոնկրեսականներ, Ներկայացուցիչներու պալատի հայկական յանձնախումբի նախագահ Ճեքի Սփիեր եւ յանձնախումբի անդամ Ճուտի Չու:

Ստեփանակերտի օդանաւակայանին մէջ հիւրերը դիմաւորած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ ԱՀ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Մելքումեան, ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ Թերեզա Երեմեան եւ Րաֆֆի Սարգիսեան:
Արցախ ժամանած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Լիլիթ Մակունց, Սօս Աւետիսեան, ՀՀ ԱԺ նախագահի օգնական Վահան Կոստանեան եւ ՀՀ ԱԺ մասնագէտ Վահան Ազարեան:
Քոնկրեսականներու այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են հանդիպումներ ԱՀ նախագահի, ԱԺ նախագահի խմբակցութիւններուն եւ յանձնաժողովներու նախագահներուն ու ԱԳՆ նախարարին հետ: Ծրագրուած է նաեւ այցելել Halo Trust ականազերծող կազմակերպութիւնը: