«Երկիր».-ՀՅԴ Ճամբարակի «Անդրանիկ Դանիէլեան» կոմիտէութեան նախաձեռնութեամբ Ճամբարակի սահմանային պաշտպանական դիրքերուն փոխանցուեցան շուրջ 300 օգտագործուած անուադողեր (կարգեր «Գ.»): Այս մասին յայտնեց կոմիտէի նախագահ Գագիկ Աբրահամեան:
«Անդրանիկ Դանիէլեան» կոմիտէի անդամ Մակիչ Խոնդկարեան զրոյցի ընթացքին դիտել տուաւ, որ սահմանային դիրքերու զօրացումին օժանդակելը մշտապէս եղած է կը մնայ իրենց կոմիտութեան ուշադրութեան կիզակէտը. «Այսպիսի նախաձեռնութիւնները, բնականաբար, ոչ առաջինն են, ոչ ալ վերջինը: Մենք սահմանամերձ շրջան ենք եւ կը գիտակցինք, թէ որքան կարեւոր է ունենալ ամուր եւ պաշտպանուած սահմանային դիրքեր», – եզրափակեց խօսքը Մակիչ Խոնդկարեան: