ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեանի ելոյթը` Արցախի բարեկամներու` «Համագործակցութիւն յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան» խորագիրով համաժողովի մեկնարկին.
«Մեծայարգ Պրն. նախագահ, յարգարժան հիւրեր, ընկերներ եւ շատ սիրելի հայ ժողովուրդի ու Արցախի բարեկամներ,
Ազատութեան տենչը հայ ժողովուրդի ամենացայտուն յատկանիշներէն է: Հակառակ իր պատմութեան դաժան էջերուն եւ թշնամիներուն կողմէ զինք ստրկացնելու ճիգերուն հայը մնացած է իր արմատներուն կառչած եւ ազատութեան իտէալին նուիրուած: Այդ ազատատենչութեան ջահակիրներու լաւագոյն օրինակներէն է ժամանակակից Արցախցին, որ եկաւ փաստելու թէ իր կեանքի գնով իսկ պատրաստ է պայքարելու ազատութեան եւ ազգային արժանապատուութեան համար:
Ուրախ ենք որ անգամ մը եւս կը գտնուինք այս արծուաբոյնին մէջ կրկին ականատեսն ըլլալով վերածաղկող ու յարատեւ վերելք արձանագրող Արցախին:
Մեր հիւրերուն կը մաղթենք բարի գալուստ Արցախ՝ Մեծ Հայքի այս դրախտավայր մասնիկը, որ այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս կայացած ժողովրդավար եւ յառաջադէմ պետութիւն, իր հիւրընկալ, աշխատասէր ու հողին ամուր կառչած ժողովուրդով եւ հազարամեայ պատմութեամբ կերտուած հայկական ինքնութեամբ եւ մշակոյթով:
Արդարեւ՝ հպարտ Արցախը իր հայկական դիմագիծն ու ինքնավարութիւնը պահպանած էր նոյնիսկ այն խաւարի դարերուն երբ մայր Հայաստանի մէջ ջախջախուած էր հայկական պետութիւնը՝ ասպատակող խուժաններու վայրագ գրոհներուն տակ: Արցախը մնաց խիզախ, ինքնավար, հայատրոփ մինչեւ 20րդ դարու այն սեւ տարիները երբ Ստալինի արհաւիրքի օրերուն ան պոկուեցաւ մայր Հայաստանէն ու պատանդ տրուեցաւ Խորհրդային Ատրպէյճանին:
Ատրպէյճանը ի սկզբանէ Արցախի հայ բնակչութեան հանդէպ իրականացուց խտրականութեան եւ հալածանքի քաղաքականութիւն միտելով հայաթափել զայն: Ժողովուրդը դիմադրեց, տոկաց եւ նոյնիսկ համայնավար բռնապետական ռեժիմին տակ մերթ ընդ մերթ ըմբոստացաւ պահպանելով իր արժանապատուութիւնը եւ պահանջելով որ իր տարրական մարդկային իրաւունքները յարգուին: Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատասխանն եղաւ հալածանք, յաւելեալ կաշկանդումներ, նոնիսկ ջարդ՝ շատ պարագաներու Խորհրդային Կեդրոնական իշխանութիւններու լուր մեղսակցութեամբ:
1980-ականներու վերջաւորութեան Հայաստանի ու Արցախի մէջ սկսաւ ազատագրական նոր շարժում երբ յստակացաւ որ Ատրպէյճանը, օգտուելով Խորհրդային Միութեան փլուզումի ընձեռած պատեհութենէն, կը փորձէր միանգամընդմիշտ Արցախը պարպել հայութենէն. Բաքույի, Սումկայիթի ջարդերուն յաջորդեցին մասսայական տեղահանութիւններ եւ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը յորդեցաւ: Արի Արցախահայութիւնը դիմեց ազատագրական պայքարի, ստացաւ Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան ամբողջական նեցուկը եւ օգտագործելով Խորհրդային Միութեան օրինական հնարաւորութիւնները՝ կազմակերպեց հանրաքուէ եւ հռչակեց իր անկախութիւնը 1991-ի Սեպտեմբերին:
Այդ օրերէն սկսեալ Արցախը աշխատեցաւ երկու ուղղութեամբ. Նախ՝ ամրապնդեց նորահաստատ պետութեան հիմերը, ստեղծեց հզօր բանակ ու ձեռնարկեց իր աւերակ դարձած քաղաքներու եւ գիւղերու վերաշինութեան գործին: Ապա՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ զուգահեռաբար մասնակցեցաւ բանակցային գործընթացին որպէսզի դիւանագիտական սեղաններու շուրջ ամրագրուի արեան գնով մեր ձեռք բերած անկախութիւնը:
Արցախի դատին շուրջ հաւաքուեցաւ աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը եւ անոր դատն ու զարգացումը այսօր ալ կը շարունակեն մնալ գլխաւոր առաջնահերթութիւններ: ՀՅԴի Հայ Դատի Յանձնախումբերը, Արցախի ու ՀՀի ներկայացուցիչներու կողքին, Արցախեան գոյամարտի առաջին օրերէն անցան ժրաջան աշխատանքի՝ աշխարհին բացատրելով Արցախի հարցի էութիւնը եւ աշխարհասփիւռ պահանջատէր հայութեան ձայնը բարձրացնելու ամենուրէք ի պաշտպանութիւն Արցախի հայութեան արդար իրաւունքներուն:
Հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը նշենք, որ այդ պայքարին մէջ ունեցանք եւ ունինք նեցուկը համաշխարհային ընտանիքի քաղաքական, մտաւորական, մշակութային, ակադեմական, լրատուական եւ այլ բնագաւառներու առաջատար դէմքերուն, այլ խօսքով՝ Արցախի մեր բարեկամներու լայն ցանցին որու ներկայացուցիչները հոս հաւաքուած են այսօր:
Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան եւ հաստատակամ նեցուկին համար։ Շնորհակալութիւն Արցախի ԱԳՆ որ մեր հետ կազմակերպեց այս համաժողովը, եւ անշուշտ յատուկ շնորհակալութիւն սիրելի Գաբրիէլ Չեմպերճեանին, որու առատաձեռն օժանդակութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս Ֆորումը:
Արցախի սիրելի բարեկամներ,
Այսօր ձեր ընդմէջէն՝ աշխարհը եկած է Արցախ երկրորդելու անոր ազատ եւ անկախ ապրելու կամքը՝ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի արդարացի ու օրինական կիրարկումով:
Այսօր եկած ենք, ազգովին եւ Արցախի մեր բարեկամներով, անգամ մը եւս շեշտելու թէ անվերապահօրէն Արցախի կողքին ենք եւ սատարողը՝ անոր անկախութեան, ազատութեան եւ բարգաւաճման։
Շնորհակալութիւն Ձեզի եւ յաջողութիւն բոլորիս»։
11 Հոկտեմբեր 2019