Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Արցախի բարեկամներու համաժողովին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յայտնած է, որ Ատրպէյճանի կողմէն սերմանուող ատելութիւնը կը խաթարէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը:
Անոր խօսքին համաձայն, այսօր հաւաքուած են մարդիկ, որոնք եկած են իրենց պատմութիւնը, կենսագրութիւնը եւ փորձը մեզ փոխանցելու:
«Ատրպէյճանը ցանկութիւնն է, որ մենք չապրինք այս տարածաշրջանին մէջ, եւ պէտք է հասկնանք, որ ատելութիւնը, որ կը սերմանուի անոնց կողմէն, կը խաթարէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ ապահովութիւնը: Ատրպէյճանը պարտաւոր է հաշուի նստիլ, եւ անգամ հայկական որեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի փոխել այն ուղղութիւնը, որով Արցախի ժողովուրդը հանրաքուէի ընթացքին յստակօրէն յայտնած է, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ հակամարտութեան լուծումը: Այս մէկը կարելի է աւելի յստակացնել կամ աւելի ամրապնդել միայն ու միայն Արցախի ժողովուրդը: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման առումով համաժողովը պէտք է աւելի ընդլայնենք եւ դարձնենք յստակ ուղերձներով», ըսած է Ա. Ռուստամեան: