Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, զինուորական աղբիւրներ «Շամ Թայմզ»ին հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը ուղղուած է դէպի թուրք-սուրիական սահմանային Արաբունար «Քոպանի» շրջան՝ սուրիական դրօշը բարձրացնելու այնտեղ:
Արաբունար կը գտնուի Մունպուճի հիւսիսարեւելեան կողմը, Եփրատ գետի ափին, Ճարապլուս քաղաքէն 30 Քմ. հեռաւորութեան վրայ: Ան կը համարուի Թուրքիոյ ենթակայ թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներուն կեդրոնը:
19 Յուլիս 2012-էն ի վեր Արաբունարը քրտական զինեալ խմբաւորումներուն հսկողութեան տակ կը գտնուէր: