ՀՄԸՄ-ի 12-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացումը կանխեց միութեան հիմնադիր երրորդութեան ռահվիրայ Շաւարշ Քրիսեանի կիսանդրիին բացումը՝ Հայաստանի ֆիզիքական կուլտուրայի եւ մարմնամարզի պետական հիմնարկի մուտքին, ներկայութեամբ՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Խաչերեանի, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեանի, Շաւարշ Քրիսեանի եղբօրը թոռան՝ տոքթ. Շաւարշ Քրիսեանի, հիմնարկի դասախօսներէն Ռոլանտ Շառոյեանի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու եւ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի մասնակիցներու։
Բացման հանդիսութեան սկիզբը, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին նուագով, մուտք գործեցին Հայաստանի, ՀՄԸՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի դրօշները, ապա խօսքեր արտասանեցին Ռոլանտ Շառոյեան, հիմնարկի տնօրէն Դաւիթ Խիթարեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, տոքթ. Շաւարշ Քրիսեան եւ քանդակի հեղինակ Դաւիթ Մինասեան։
Այնուհետեւ, կարմիր ժապաւէնի հատումէն ետք, տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց Քրիսեանի նորակերտ կիսանդրիին։