Սիրելինե՛ր,

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անունով կ՛ողջունեմ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը:

Ժողովը, որ ըստ կանոնագիրի տարրին պարտականութիւն ունի քննարկելու եւ արժեւորելու ՀՄԸՄ-ի անցնող քառամեակի գործունէութիւնը: Բայց մանաւանդ նախագծելու հետագայ ընելիքներն ու ծրագիրները:

Սակայն, 12-րդ Պատգամաւորական ժողովը իւրայատուկ է իր կայացման ժամանակով: Քառամեայ գործունէութենէ անդին, հարկ է, որ ժողովը հանգամանօրէն իր գնահատականը կատարէ հայկական իրականութեան մէջ խոր արմատներ նետած ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական եւ ամենաերիտասարդ միութեան մէկ դար հարուստ ու պատուաբեր անցեալի բազմաշերտ ու բազմածաւալ գործունէութեան: Ու այդ արժեւորումէն մեկնելով ճշդէ յառաջիկայ տասնամեակներու իր առաքելութեան ճանապարհը:

Հաստատ, կասկածէ վեր ու անվիճելի կը մնայ բոլորիս համար այն ցայտուն իրականութիւնը, որ ՀՄԸՄ-ը արժանապատիւ հմայքով կտրեց հայ ժողովուրդի անցեալ մէկ դարու պատմութեան ամբողջ ընթացքը` միշտ պատրաստ ըլլալով անշահախնդիր ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:

Պահեց Եռագոյն դրօշը միշտ ծածան ու ի պատուի, երբ շատ ու շատեր թեքեցին իրենց աչքերը անկէ հեռու: Պահեց կամաւոր բանակ եւ երազանքն ու կամքը ազգային բանակ անգամ մը եւս ունենալու, երբ շատ շատեր համոզուած էին ենթակայութեան: Պահեց ազգային օրհներգը բարձրաղաղակ լսելի, երբ շատ շատեր, կամա՛յ, գոց պահեցին իրենց ականջներն ու հոգիները հայաշունչ սրբազան երգին առջեւ:

Ու… անոր շարքերը քալեցին Յառա՛ջ, անսասան ու անդեդեւ, իբրեւ նահատակ ցեղի անմահներ: Քալեցին օտար ափերուն` տասնամեակներ, միշտ հաւատալով, որ օր մը պիտի տողանցեն, հոս` ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ` իրենց աչքերը յառած Արարատի գագաթին:
Պատուաբե՛ր Անցեալ

Կը հաւատանք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ուղեկից այս միութիւնը, ինչպէս անցեալին, պիտի շարունակէ` ժամանակակից աշխարհի յարափոփոխ պայմաններուն մէջ, պահել արժէքներ, հաւատալ մեր դարաւոր արժեհամակարգին` ազգ, հայրենիք, լեզու, եկեղեցի, ընտանիք, աւանդութիւններ ու սրբութիւններ պահող կազմակերպական իր ու մեր ուժին:

Արժեհամակարգի պահակ ՀՄԸՄ-ը, վստահ ենք ու համոզուած, որ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը` միշտ կենսունակութիւն եւ աւիշ հաղորդելով իր շարքերուն ու միշտ երիտասարդ պահելով համահայկական ամենաբազմանդամ այս կազմակերպութիւնը:

Մերօրեայ համաշխարհայնացման ալիքները վտանգի ենթարկած են մեր ազգը, ի մասնաւորի սփիւռքի տարածքին, ուր հայրենի ՀՈՂ-ի ու ՇՈՒՆՉ-ի բացակայութիւնը առաւել եւս փուլ կը բերեն մեր ոգեղէն դիմադրականութիւնը, այլասերման ու ապազգայնացման կ՛առաջնորդեն մեր վառ պահած ԿՐԱԿ-ի նորագոյն ջահակիրները` մեր երիտասարդութիւնը:

Կը հաւատանք, որ ՀՄԸՄ-ը այսօր եւ յառաջիկայ մօտիկ տասնամեակներուն կը հանդիսանայ կազմ ու պատրաստ ա՛յն միութիւնը, որ կրնայ առաւելագոյն յաջողութեամբ անխորտակելի պատնէշներ ու պարիսպներ կառուցել այս համասփիւռ մահացու վտանգին դիմաց:

Կոչ կ՛ուղղենք հարիւրամեայ, բայց միշտ երիտասարդ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտական եւ մարզական առաքելութեան առընթեր իր առաջնահերթ ազգանուէր առաքելութիւնը նկատել, դառնալ փարոս հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու, դէպի մեր ազգային ակունքներ ուղղելու եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ զինելու անյետաձգելի աշխատանքին:

Նոր աշխարհի պարտաւորեցնող արդիականացումը, արհեստավարժ արդիւնաւէտ գործելաոճը, գիտութեամբ զինուած մասնագիտական աշխատանքը, ռազմավարական ծրագիրներու մշակումը մեզ կը սպասեն ճիշդ ուղիէն շարունակելու համար հարիւրամեայ կազմակերպութեան ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՆ:

Յաջողութիւն կը մաղթեմ ժողովի աշխատանքներուն:

Երեւան, 14 հոկտեմբեր 2019