Երեքշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտուն Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդը, ընկերակցութեամբ Գամիշլիի Պատկան Մարմինին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Պաաս Կուսակցութեան Գամիշլիի Մասնաճիւղի
պատասխանատու մարմինի անդամ տիկ. Ասիա Պետրոսեանի, մեկնեցաւ Հասիչէ, ուր դիմաւորուեցաւ Հասիչէի ազգային եւ կրթական պատասխանատուներուն,
հոգեշնորհ հայր սուրբին։ Առաջնորդական փոխանորդը Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ աղօթելէ ետք այցելեց ազգային ալ լիուաա վարժարան, ուր իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները ուղղեց աշակերտներուն տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին։

Աւարտին հայր սուրբը արձակման աղօթքը արտասանեց աշակերտութեան հետ խաղաղութեան աղօթքով ճամբեց աշակերտները։
Այնուհետեւ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Հասիչէի ազգայիններու եւ ՍՕԽ-ի Լոռի Մասնաճիւղի Վարչութեան հետ ուղղուեցան Պաաս Կուսակցութեան գրասենեակ ու տեսակցութիւն ունեցան Հասիչէի կուսակցապետին եւ նահանգապետին հետ։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող հանդիպումին արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, լուսարձակի տակ առնուեցան վերջին իրադարձութիւնները, շեշտը դրուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդի միասնականութեան, երկրի դրօշին շրջանի մէջ ծածանելուն, սուրիական աննահանջ բանակի զօրութեան եւ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ Ասատի շուրջ համախմբուելով, թշնամիին դէմ մէկ բռունցք դառնալու կարեւորութեան։

Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում, ապա յիշատակի նկարներ առնուեցան։