«Երկիր».-ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Գրիգոր Յովհաննիսեան եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան 14 Հոկտեմբերին հանդիպած են «Համագործակցութիւն Յանուն Արդարութեան եւ Խաղաղութեան» խորագիրով Արցախի բարեկամներու համաժողովին Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայէն (Արժանթին, Քոլոմպիա, Քոսթա Ռիքա, Չիլի, Ուրուկուէյ) Հայաստան եւ Արցախ ժամանած հասարակական քաղաքական, մշակութային գործիչներու, իրաւապաշտպաններու, գիտնականներու, վերլուծաբաններու եւ լրագրողներու հետ:
«Ողջունելով հիւրերը` Գրիգոր Յովհաննիսեան արձանագրած է, որ Հայաստան եւ Լատին Ամերիկայի ժողովուրդները միահիւսուած են պատմական, բարեկամական ամուր կապերով` հիմնուած փոխադարձ վստահութեան եւ յարգանքի վրայ:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը արդիական հարցերու շուրջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններուն:
ԱԳ նախարարի տեղակալը երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրերուն` Արցախի ժողովուրդին սատարելուն եւ անոր կողքին ըլլալուն համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: