«Արմէնփրէս».- Մոլտովայի խորհրդարանի Արտաքին քաղաքականութեան եւ եւրոպական ներգրաւման հարցերու յանձնաժողովի նիստին մէջ ազգութեամբ հայ պատգամաւոր Հայկ Վարդանեան (Gaik Vartanean) յայտնած է, որ Մոլտովայի խորհրդարանէն ներս շուտով առաջին անգամ պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը:
Ան նաեւ Մոլտովայի հայկական համայնքի ղեկավարն է, եւ քանի մը դեսպաններու նշանակման լսումներուն համար հարց յարուցած է` ուղղուած Տմիթրի Քրոիթորին, որ Թուրքիոյ մէջ Մոլտովայի դեսպանի թեկնածու առաջադրուած է:
«Նկատի առնելով այն փաստը, որ մօտ օրէն Մոլտովայի խորհրդարանէն ներս պիտի ներկայացուի օրէնսդրական նախաձեռնութիւն` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու համար, եւ Մոլտովան կրնայ Եւրոմիութեան երկիրներու մեծ մասին միանալ, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ, որ արդէն ճանչցած են այդ փաստը, սա կրնայ յանգեցնել Թուրքիոյ կառավարութեան բացասական արձագանգին», նկատած է պատգամաւորը:
Հայկ Վարդանեան նաեւ դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ անհամաձայնութեան առանցքային կէտերէն մէկը Թուրքիոյ կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումն է:
2015թ.-ին Եւրոխորհրդարանը վերահաստատած է 18 Յունիս 1987-ին իր կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն համաձայն 1915-1917 թուականներուն Օսմանեան Կայսրութեան հայերու դէմ տեղի ունեցածը ճանչցուած էր ցեղասպանութիւն` ցեղասպանութեան մասին ՄԱԿ-ի 1948 թուականի պայմանադրութեան դրոյթներուն համապատասխան: