16 Հոկտեմբերին, ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը ԱՄՆ դեսպանատուն հանդիպած է ՀՀ-ի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ:
ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան բարեկամական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակի, զարգացման կարելիութիւններու եւ հեռանկարներու առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային եւ ներքաղաքական հարցերուն: Երկուստէք կարեւոր համարուած է պարբերական շփումներու անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումը մաս կը կազմէ Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ ՀՅԴ Բիւրոյի հանդիպումներուն շարքին:
Ցարդ ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութիւնները հանդիպած են ՀՀ-ի Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպաններուն հետ:

ՀՅԴ Հանրային Կապերու գրասենեակ
16 Հոկտեմբեր 2019թ