«Ապառաժ».-Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 Հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (ՌԴ), Սթեֆան Ուսքընթին (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆերը (ԱՄՆ), ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրշիքը եւ անոնց ուղեկցող պաշտօնեաները:
Քննարկուած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, Արցախի ու Ատրպէյճանի սահմաններուն մէջ տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակին` վերստին շեշտելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման եւ հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր փուլերուն Արցախի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը: