ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով Սահմանադրական Դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի դէմ արշաւին ըսաւ.« Ակնյայտ է, որ գործող քաղաքական իշխանութեան ձեռնտու չէ այն դատական համակարգը, որ կրնայ քաղաքական իշխանութեան ոչ, ըսել: Անոնք ամէն ինչ կ’ընեն, որ այդպիսի դատարան չունենան»:
Արծուիկ Մինասեան կը բաժնեկցի այն տեսակէտները, որ Սահմանադրական Դատարանի նախագահին հանդէպ կատարուող գործողութիւնները պայմանաւորուած են «1 Մարտի» գործով, ուր առանցքային որոշումներ կը սպասուին Ռոպերթ Քոչարեանի մասին, ինչպէս նաեւ ակնարկած է, որ իշխանութեան պարզապէս ձեռնտու չէ ունենալ անկախ դատական համակարգ:

Արծուիկ Մինասեանի խօսքին համաձայն, քաղաքական իշխանութիւնը տարբեր ուղղութիւններով ձախողումներ կ’ունենայ, եւ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնցմէ շեղելու համար նոր թիրախներ անհրաժեշտ են:
Արծուիկ Մինասեան չի բացառեր, որ եթէ իշխանութիւնները դատական համակարգի հանդէպ կատարուող գործողութիւնը «մարսեն», յաջորդ գործողութիւնները պիտի ըլլան ԶԼՄ-ներու, քաղաքական կուսակցութիւններու հանդէպ. «Առհասարակ, որեւէ այլակարծութիւն, իրենց եզրաբանութեամբ, բունը խեղդելու գործողութիւն կրնան ձեռնարկել, որուն հետեւանքով բռնատիրութիւնը բնորոշ պիտի ըլլայ մեր երկրին: Այսինքն, իշխանութիւնը, որ ձեւաւորուած է ժողովուրդի քուէարկութեամբ, պիտի վերածուի նոյն ժողովուրդը ճնշելու ամենաբիրտ գործիքի»:
Ինչ կը վերաբերի «1 Մարտ» գործի վերաբացումին, քաղաքական գործիչը դիտել տուաւ, որ այժմ պիտի քննարկուի ոչ թէ 1-2 Մարտ 2008-ին տեղի ունեցած դէպքերը, այլ տեղի կ’ունենայ անձնական եւ քաղաքական վրէժխնդրութիւն. «Անձնական վրէժխնդրութիւն մարդու մը կողմէն, որ զրկանքներ կրած է: Քաղաքական վրէժխնդրութիւն մարդու մը կողմէ, որ պարտուած է 90-ական թուականներուն իր զիջողական քաղաքականութեան հետեւանքով եւ 2008-ին ալ պարտուեցաւ իր ոչ ազգային դիմագիծի հետեւանքով: Սա շատ պարզ է, մարդը քաղաքական վրէժխնդրութիւն կ’ուզէ, եւ կարծէք, այսօրուան իշխանութիւնը իր մարդոց ներդնելով, արդիւնքի կը փորձէ հասնիլ», ըսաւ ան:
Արծուիկ Մինասեանի կարծիքին համաձայն, ներկայ իշխանութիւններուն վարած կադրային քաղաքականութիւնը բոլոր մակարդակներով ամբողջութեամբ ձախողած է: Ըստ անոր, այսօր կարեւոր է ոչ թէ մասնագիտական ու հայրենասիրական մօտեցումը, ոլորտին տիրապետելը, այլ` որքանով է անձնակազմը իշխանութեան կը ծառայեն: