ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ ՀՅԴ նախաձեռնած միջկուսակցական քննարկումներու ընթացքին, ըսած է, որ Արցախի Արդարադատութեան Նախարարութեան մօտ գրանցուած 22 կուսակցութիւններէն 15-ին հետ ՀՅԴ-ն հանդիպած է, 3 կուսակցութիւն հրաժարած է հանդիպելէ, միւս կուսակցութիւններուն հետ կապ չէ հաստատուած, որովհետեւ կուսակցութեան պատասխանատուներ չեն եղած:

Ան տեղեկացուց, որ քննարկումներու առաջին փուլը աւարտած է, եւ արդէն կան համախոհութեան որոշ նշաններ․ «Առաջին փուլը աւարտած ենք, մենք ունինք արդէն որոշակի պատկերացումներ եւ քննարկումներու արդիւնքեր: Առաջին փուլի մեր քննարկումները կը վերաբերէին միասնական օրակարգի հարցերուն, այն օրակարգին, որ մեր կողմէ ներկայացուած է քաղաքական ուժերուն, այդ օրակարգի շուրջ ընդհանուր համախոհութեան եւ համաձայնութեան առաջին ծիլերը կան, այսինքն` քաղաքական ուժերու կողմէն ողջունուած է մեր նախաձեռնութիւնը , յստակ դիրքորոշում ներկայացուած է օրակարգին նկատմամբ, սակայն կը կարծեմ` երկրորդ փուլով կրնանք վերջնականօրէն խօսիլ ընտրութիւներու մասնակցութեան ձեւին, ձեւաչափին մասին, որովհետեւ տարբեր պատկերացումներ կան նաեւ շարք մը կուսակցութիւններու մօտ, յատկապէս այն կուսակցութիւններուն, որոնք արդէն կը փորձեն անձի շուրջ ձեւաւորել իրենց ընդհանուր քաղաքականութիւնը եւ իրենց ապագայ քաղաքական քայլերը: Այդ առումով տակաւին կանուխ է վերջնական տեսակէտ ներկայացնել, բայց յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին կը կարծեմ` կ’ամբողջանայ եւ վերջնականապէս կ’ունենանք մեր կուսակցութեան յստակ դիրքորոշումը»:
Իշխանեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի նախաձեռնած քննարկումներուն չեն մասնակցած այն կուսակցութիւնները, որոնք ունին ինքնուրոյն օրակարգ․«Երեք կուսակցութիւն մեզի հետ հանդիպելէ հրաժարած է , մէկը խորհրդարանի մէջ գործող ընդդիմադիր Ազգային Վերածնունդ Կուսակցութիւնն է եւ արտախորհրդարանական Հանրապետութիւն եւ «Մեր Տունը Հայաստանն է կուսակցութիւնները, որոնք ներկայացուցին, որ ունին իրենց օրակարգը եւ իրենց սեփական թեկնածուն»:
Մինչդեռ Ազատ Հայրենիք Կուսակցութեան հետ ՀՅԴ արցախեան թեւը կրցած է որոշակի փոխհամաձայնութիւն ձեւաւորել, թէեւ ոչ վերջնականօրէն, բայց Ազատ Հայրենիքը, ըստ Դաւիթ Իշխանեանի, կեդրոնացած է իր թեկնածուին վրայ: Ազատ Հայրենիքի հետ հանդիպումին ընթացքին ընդհանուր հարցերուն շուրջ, զորս մենք ներկայացուցած ենք, փոխըմբռնում գոյացած է, եւ Ազատ Հայրենիքին կողմէ եւս ողջունուած է մեր ներկայացուցած օրակարգը: Մենք այդ հարցերուն մասին խօսեցանք առանձնաբար, ոչ միայն արտաքին ու ներքին հարցերու մասին, այլ նոյնիսկ 2020 թուականի ընտրութիւններէն յետոյ սահմանադրական բարեփոխումներուն անդրադարձանք: Բայց հարցը այլ է, Ազատ Հայրենիք Կուսակցութիւնը գոնէ այս պահուան դրութեամբ ամէն ինչ իր սեփական թեկնածուին շուրջ կը կառուցէ եւ կը փորձէ սեփական թեկնածուին առաջադրումով ամէն ինչ համախմբել, ամէն ինչ կառուցել իրենց թեկնածուին շուրջ:
Մեր մօտեցումները քիչ մը տարբեր են, մենք ինչու նախաձեռնեցինք այս գործընթացը, սա ինքնանպատակ չէ, ալ ոչ անճար ենք, չունինք թեկնածու եւ չենք կրնար թեկնածու առաջադրել: Մենք փորձած ենք բոլոր քաղաքական ուժերուն բացատրել ընդհանուր իրավիճակը, բոլոր ուժերուն ներկայացուցած ենք այն հանգամանքը, որ նախորդ տարիներուն խիստ կարեւոր կը համրուէր մեր ընդհանուր միասնականութեան դրսեւորումը եւ համախոհութեան մթնոլորտի մէջ գործելու անհրաժեշտութիւնը, իսկ այնպիսի իրավիճակ, ինչպիսին այսօր է, եւ այն մթնոլորտը, այն մարտահրաւէրները, որ մեր առջեւ են, յատկապէս արտաքին ճակատի վրայ, մէկ անգամ եւս մեզ կը թելադրեն, կը պարտադրեն, որպէսզի կարենանք ընդհանուր համախոհութիւն դրսեւորել: Հոս հարցը այն չէ, որ բոլոր կուսակցութիւնները գան մէկ դաշտ եւ ունենան մէկ թեկնածու, հարցը այն է, որ քաղաքական ուժերը կարենան իրարու հետ քննարկել ընդհանուր իրավիճակը, ձեւաւորել ընդհանուր օրակարգ եւ այս օրակարգի շուրջ արդէն խօսուի թեկնածուներու մասին, բայց ցաւօք որոշ կուսակցութիւններ ունին շատ մակերեսային պատկերացումներ, մօտեցումներ, եւ ամէն ինչ անձի շուրջ կը փորձեն կառուցել»:
Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավարը դիտել տուաւ նաեւ, որ իրենց ակնկալած խորքային քննարկումները երեբեմն չեն յաջողած, որովհետեւ որոշ կուսակցութիւններ որպէս այդպիսին ձեւաւորուած չէին:
Դաւիթ Իշխանեան նաեւ պազեց, որ քննարկումները համաձայնուած թեկնածուի շուրջ են, եւ ոչ թէ միասնական, ընդ որուն, թեկնածուին պիտի անդրադառնանք միայն ընդհանուր օրակարգի շուրջ համաձայնելէ եւ հաստատելէ յետոյ․ «Մենք կը խօսինք համաձայնուած թեկնածուի մասին, միասնական թեկնածու եւ համաձայնուած թեկնածու, որոնք տարբեր են: Ես փորձեցի բացատրել ռազմավարութիւնը` օրակարգի ձեւաւորում, օրակարգի շուրջ համաձայնուած թեկնածու ունենալու հանգամանք: Այդ ամէնը պէտք է բնականաբար ամրագրուի յուշագիրով, իւրաքանչիւրին դերակատարութեամբ: Եթէ չյաջողի ընդհանուր համաձայնութեան հասնիլ, եթէ չկարենանք յաջողիլ համաձայնուած թեկնածուի գաղափարը կիրարկելմիասնական օրակարգի շուրջ, ՀՅԴ-ն հանդէս կու գայ իր սեփական թեկնածուով»: Քննարկումներու երկրորդ փուլով դաշնակցականները պիտի հանդիպին Արցախի նախագահի հաւանական թեկնածուներուն հետ, եւ միայն այդ քննարկումներէն յետոյ պիտի հրապարակենք մեր որոշումը․ «Նոյեմբերին մեր արտակարգ ժողովին մեր վերջնական որոշում կայացնելու բոլոր հիմքերը կը կարծեմ կ’ունենանք», ըսաւ Դաւիթ Իշխանեան:
Իսկ 2020 թուականին Դաշնակցութիւնը չ’ակնակալեր, որ նախագահական ընտրութիւնները իտէալական ըլլան, բայց նաեւ Դաւիթ Իշխանեանի խօսքին համաձայն ակնյայտ է, որ տարուէ տարի ընտրական աշխատելաձեւերը կը կատարելագործուին: