Շաբաթ, 20 Հոկտեմբեր 2019-ին, սուրիական «Սաուրա» քարիւղի հորերու վերահսկող մարմնի տնօրէն Ալի Իպրահիմ «Շամ Թայմզ»ի թղթակիցին յայտնեց, որ Ռաքքայի, Համայի եւ Հոմսի մէջ քարիւղի եւ կազի բոլոր հորերը ազատագրուած են։
Իպրահիմ աւելցուց, որ քարիւղի կարգ մը զտարանները քանդուած են։ Ներկայիս լուրջ աշխատանք կը տարուի քարիւղի եւ կազի զտարանները վերականգնելու ուղղութեամբ։