«Երկիր».- 18 Հոկտեմբերին «Կուսակցութիւններու Մասին» օրէնքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրինագիծի խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին ՀՅԴ անդամ, նախկին պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեան իր ելոյթը սկսաւ ըսելով «ՀՅԴ-ն այն կուսակցութիւնն է, որ 129 տարուան պատմութիւն ունի, եւ այդ ընթացքին երկու Դաշնակցութիւն չէ եղած ո՛չ 1990-95-ականներուն, ո՛չ այսօր, ո՛չ նախապէս», եւ եթէ որեւէ մէկը, որեւէ խումբ կը ցանկայ այդպիսի ուղերձ ուղղել մարդոց, կը սխալի. եթէ այդ մարդիկ հանդիպած են երկու Դաշնակցութեան, ուրեմն անոնցմէ առնուազն մէկը Դաշնակցութիւն չէ եղած: «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Համազասպ Դանիէլեան իր կարգին յայտարարած էր, որ 1990-ականներէն ի վեր երկրին մէջ իշխած է մէկ կուսակցութիւն եւ անոր հետեւանքով եղաւ յեղափոխութիւնը, Ան յայտնեց միակուսակցական համակարգի բացասական դերը բերելով այդ ամէնը մինչեւ յեղափոխութիւն:
Արմենուհի Կիւրեղեան համակարծիք էր պատգամաւորի միակուսակցական համակարգի բացասական հետեւանքներու առնչութեամբ արտայայտած տեսակէտներուն, միայն այն տարբերութեամբ, որ անոր ըսածները պէտք է «քոփի-փեսթով» բերել մեր օրերը:
«Հայեցակարգի մէջ հաստատուած է, որ այս օրէնքի բարեփոխման առանցքային նպատակը բազմակուսակցական համակարգի զարգացումն է: Այո, անշուշտ մեր երկրի մէջ շատ կարեւոր է, յատկապէս խորհրդարանական կառավարման համակարգի պարագային: Ես կ’ուզէի երկրորդել պարոն Դանիէլեանին, որ խօսեցաւ միակուսակցական ղեկավարութեան բացթողումներու, վտանգներուն մասին, մէկ տարբերութեամբ , որ անոր ըսածը ես «քոփի-փեսթով» կը տեղափոխէի մեր օրերը, որովհետեւ այսօր երկրին մէջ առկայ է մէկ կուսակցութիւն, աւելին` միանձնեայ ղեկավարութիւն, որ խիստ վտագաւոր է մեր պետականութեան համար»:
Օրէնքի ներառականութեան դրոյթին անդրադառնալով` ան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ն իր 129-ամեայ պատմութեան ընթացքին ամենաշատը քննարկած ու ամենալաւը ձեւաւորած է ներկուսակցական ժողովրդավարական համակարգը:
«Մենք խօսած ենք որոշումներու կայացման մակարդակին մէջ կիներու, ազգային փոքրամասնութիւններու եւ հաշմանդամներու նեգրաւուածութեան հարցին մասին: Այո, շատ կարեւոր է, բայց չմոռնանք, որ կուսակցութիւնները կը ձեւաւորուին ոչ թէ անձի, այլ գաղափարի շուրջ: Իսկ ի՞նչ ընեն այն կուսակցութիւնները, որոնց գաղափարին շուրջ որեւէ հաշմանդամ չ’ուզեր համախմբուիլ, ի՞նչ ընեն այն կուսակցութիւնները, որոնց մէջ որեւէ տղամարդ կամ ըսենք, որեւէ կին չ’ուզեր ներգրաւուիլ: Լուրջ հարց է, եւ ներառականութիւնը ապահովելու նպատակով անհրաժեշտ է ունենալ յատուկ ձեւեր: Այդ երեք խումբերէն կ’ուզէի առանձնացնել կիները, որովհետեւ կիները բնակչութեան կէսէն աւելի են: Կիներու ներգրաւումը կուսակցութեան որոշումներու հաստատման մակարդակով` ղեկավար մարմինի մէջ: Կ’առաջարկուի բաժին ապահովել, բայց ոչ ոք կը խօսի տարածքային մարմիններու մէջ անոնց ներգրաւուածութեան մասին: Ի վերջոյ, եթէ մենք կը խօսինք տարածքներու մէջ ժողովրդավարական մշակոյթի ձեւաւորման մասին, ղեկավար մարմիններու բոլոր մակարդակներով պէտք է համամասնօրէն ապահովել կիներու ներգրաւուածութիւնը:
Կարեւոր բան մը եւս` կուսակցական ղեկավար մարմինները կ’ընտրուին մեծամասնական ընտրակարգով, եւ կիներու ներկայացուածութիւնը ապահովելը յատուկ ձեւեր կը պահանջէ, որուն մասին այսօր ոչ ոք խօսեցաւ», ըսաւ Արմենուհի Կիւրեղեան` բերելով նաեւ այլ երկիրներէն օրինակներ, ուր կիներու ներգրաւուածութեան հարցը կը լուծուի ոչ թէ յստակ թուային ձայներու, այլ համամասնական ներկայացուածութեան եւ պատժամիջոցներու ու խրախուսանքի ձեւերու կիրառումով: