«Ազդակ».- Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լիբանանցիները դարձեալ ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ եւ Նահատակաց հրապարակները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի շրջաններուն մէջ իրենց հաւաքավայրերը` պահանջելով ներկայ կառավարութեան, ինչպէս նաեւ իշխանութեան պետերուն հրաժարականը:
Ցոյցերը մնացին իրենց խաղաղ ընթացքով, սակայն անոնք ժողովուրդին արտայայտած ցաւին կողքին վերածուեցան փառատօնային բնոյթ ունեցող հաւաքոյթներու, որոնց ընթացքին երգը, պարն ու կերուխումը անպակաս մնացին:
Երէկուան պարագային սակայն տարբերութիւնը այն էր, որ առաւօտեան կանուխ ժամերէն ցուցարարները փակեցին մեծ թիւով ճամբաներ, ինչ որ արգելք հանդիսացաւ նաեւ ցուցարարներուն փոխադրութեան:
Հինգերորդ օրն ըլլալով բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Պէյրութի, Լեռնալիբանանի, Մեթնի, Թրիփոլիի, Հալպայի, Սուրի, Նապաթիէի, Ալէյի, Շուֆի, Պաալպեքի, Զահլէի, Արսալի, Զուքի եւ էշրեֆիէի մէջ:
Հակառակ երկրին մէջ տիրող կացութեան, կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն բացակայեցան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հրաժարեալ նախարարները` փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի, աշխատանքի նախարար Քամիլ Պու Սլէյման, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք եւ ընկերային հարցերու պետական նախարար Ռիշար Գույումճեան:
Վարչապետ Հարիրի առաւօտեան ժամը 10:30-ին հասաւ Պաապտա, ուր դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները եւ ցուցարարներուն պահանջները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ փողոցին մէջ արտայայտուածը ժողովուրդին ցաւն է` աւելցնելով, որ փտածութեամբ ամբաստանելը ընդհանրացնելու քայլին մէջ կայ անիրաւութիւն:
«Այս պատճառով ալ նուազագոյն բարեկարգումը, որով պէտք է սկսինք, նախարարներուն դրամատուներու հաշիւներու գաղտնիութեան վերացումն է` ներկայ եւ ապագայ նախարարներուն պարագային», ըսաւ ան:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը որդեգրեց տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու միտումով պատրաստուած արմատական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ վաւերացուց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի մշակած 2020-ի պետական ամավարկը, որ տուրքեր չէր պարունակեր, իսկ նախագահ Աուն ստորագրեց այդ ամավարկը եւ զայն ուղարկեց խորհրդարան:
Կառավարութիւնը որոշեց, որ լիբանանեան դրամատնային համակարգն ու Կեդրոնական դրամատունը իրենց ներդրումը ունենան 5100 միլիառ լ. ոսկիի նիւթական բացը նուազեցնելու, ինչպէս նաեւ յաւելեալ տուրքեր պարտադրեց դրամատուներու շահերուն վրայ:
Կառավարութիւնը որոշեց ներկայ եւ նախկին նախագահներուն, նախարարներուն եւ երեսփոխաններուն ամսական աշխատավարձերը 50 առ հարիւրով նուազեցնել, հարաւային Լիբանանի եւ գաղթականներու յատուկ սնտուկներուն, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին տրամադրուած պիւտճէները 70 առ հարիւրով նուազեցնել, պետութենէն իւրացուած գումարները վերստանձնելու յատուկ օրէնք մշակել, մինչեւ տարեվերջ մշակել փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդ մը հիմնելու օրէնքը, մինչեւ տարեվերջ վաւերացնել ծերութեան ապահովագրութեան օրէնքը, 20 միլիառ լ. ոսկի յատկացնել ծայր աստիճան աղքատ ընտանիքներու, 160 միլիոն տոլար` բնակարանային վարկերու տուչութիւնը վերսկսելու, ելեկտրականութեան մարզին պատճառած նիւթական բացը հազար միլիառ լ. ոսկիով նուազեցնել, ելեկտրականութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզերու կազմակերպական խորհուրդ յառաջացնել, նոր ելեկտրակայաններ հիմնել չորս ամսուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն ընթացքին վաւերացնել «Սետր»-ի խորհրդաժողովի Ա. փուլին համաձայն ծրագիրները, որոնց գումարն է 11 միլիառ տոլար: