«Արմէնփրէս».-Ամերիկայի հայկական համագումարը ողջունած է քոնկրեսական Աննա Գ. Էշուի` «յարգելի գործընկեր» նամակը, որ կոչ կ’ուղղէ աջակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման H.Res.296 բանաձեւին:
Էշուն յայտնած է.«Իմ ընտանիքին անդամները եղած են այդ մարդասպաններուն մէջ: Մայրս մեծ մօրս հետ փախած է Հայաստանէն, իսկ հայրս` ասորի քրիստոնեայ, աքսորուած է Մերձաւոր Արեւելքէն: Երկուքն ալ ողջ կեանքի ընթացքին կրած են Օսմանեան թուրքերու վայրագրութիւնները: Քոնկրեսի որպէս միակ հայկական- ասորական արմատներով անդամ, ես կոչ կ’ընեմ ձեզ` յարգել այն անթիւ անհատները եւ միանալ ձեր 112 հաւաքականին` օժանդակելու բանաձեւին, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
Էշուն քոնկրեսի միակ հայ-ասորի անդամն է: Քոնկրեսի իր ողջ գործունէութեան ընթացքին ան մշտապէս աջակից եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ամբողջ աշխարհի կրօնի ազատութեան:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկահայ համայնքի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նպատակով աշխոյժ աջակցութեան համար: Համագումարին` Քոնկրեսի հետ յարաբերութիւններու տնօրէն Մարիամ Խալոյեան յայտնած է, որ համագումարը կ’ողջունէ քոնկրեսականի ջանքերը եւ պիտի շարունակէ առաջ մղել օրէնսդրութեան ընդունումը: