«Երկիր».- ՌԻԱ «Նովոստի»ն՝ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Օլեկ Սիրոմոլոթովի խoսքերուն յղումով յայտնած է, որ Թուրքիա կը խախտէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը՝ այդ երկրի տարածքին զինուորական գործողութիւններ կատարելով:
«Անոնք (թրքական ուժերը – խմբ.) Սուրիա մտան առանց կառավարութեան թոյլտուութեան, անոնք մտան ապօրինի…» , ըսած է փոխնախարարը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Ան շեշտած է, որ Սուրիոյ մէջ օրինական է միայն Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայութիւնը, որովհետեւ անոնք ստացած են Դամասկոսի թոյլտուութիւնը: