ՍՕ Խա­չի Շրջ. Վար­չու­թեան Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ուր­բաթ, 18 Հոկ­տեմ­բեր 2019-ին, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մը 4։30-ին, ԱՄԺ ՏԱՆ «Լե­ւոն Շանթ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ զրոյց-հան­դի­պում մը կեն­սո­լոր­տի եւ բնա­պահ­պա­նու­թեան նախ­կին նա­խա­րա­րու­հի Նա­զի­րա Սար­գի­սի հետ։
Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էին Հա­յաս­տա­նէն ժա­մա­նած Հա­յաս­տա­նի մար­դա­սի­րա­կան առա­քե­լու­թեան 3-րդ խում­բի բժիշկ­նե­րը, Շրջ. Վար­չութ­եան ան­դամ­ներ, դպ­րոց­նե­րու տնօ­րէն­ներ եւ խա­չու­հի­ներ։
Բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք, Դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խում­բի անունով Զե­փիւռ Աւագ­եան ող­ջու­նեց նա­խա­րա­րուհի­ին ներ­կա­յու­թիւնը ՍՕ Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քէն ներս եւ կեն­սագ­րա­կան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ նա­խա­րա­րուհի­ին մա­սին։
Նա­զի­րա Սար­գիս Հա­լէ­պի հա­մալ­սա­րա­նը աւար­տե­լէ ետք ար­ժա­նա­ցած է նա­եւ Տար­րա­լու­ծա­րա­նա­յին քիմ­ի­ա­գի­տու­թեան մա­քիստ­րո­սի եւ դոկ­տո­րա­կա­նի տիտ­ղոս­նե­րուն եւ կը վա­րէ Հա­լէ­պի Պե­տա­կան Հա­մա- լ­սա­րա­նի Դե­ղա­գոր­ծա­կան բա­ժի­նի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։
2012-2016 նշա­նակ­ուած է Սուր­իոյ բնա­պահ­պա­նու­թեան եւ կեն­սո­լոր­տի նա­խա­րար։
Ան նկար­նե­րու մի­ջո­ցաւ ներ­կա­յա­ցուց օդի, ջու­րի եւ հո­ղի ապա­կա­նու­մը եւ անոնց նպաս­տող պատ­ճառ­նե­րը, որուն մէջ բնու­թեան երե­ւոյթ­նե­րը նա­եւ իրենց դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը ու­նին։
Յա­տուկ ձե­ւով անդ­րա­դար­ձաւ մթ­նո­լոր­տը ապա­կա­նող վնա­սա­կար նիւ­թե­րու ազ­դե­ցու­թեան։
Ան շեշ­տեց նա­եւ թէ բնու­թիւնը ինք­նա­բե­րա­բար կը վե­րա­մաք­րէ ինք­զինք (recycling), սա­կայն անհրա­ժեշտ է նա­եւ վե­րամ­շա­կել աղ­բե­րը, որով­հե­տեւ աղ­բե­րու կու­տա­կու­մը այլ բար­դու­թիւն­նե­րու դուռ կը բա­նայ։
Դա­սա­խօ­սը անհ­րա­ժեշտ նկա­տեց բարձ­րաց­նել քա­ղա­քացի­ին գի­տակ­ցու­թիւնը, որ­պէս­զի այս ոլոր­տին մէջ օգ­նէ պե­տա­կան հա­մա­կար­գին։
Դա­սա­խօ­սու­թեան վեր­ջին բա­ժի­նով առիթ տր­ուե­ցաւ զրու­ցե­լու նա­խա­րա­րուհի­ին հետ։ Ան սրտ­բաց­օ­րէն պա­տաս­խա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցում­նե­րուն։