Եթէ կարողութենէդ աւելի աշխատիս, քիչ քնանաս, ջղային վիճակ ունենաս, կամ երկար ժամեր ֆիզիքական թէ մտային աշխատանք տանիս, գերյոգնութիւնը անխուսափելի կը դառնայ:
Անոնք, որոնք յոգնած կը զգան, պէտք է գիտնան յոգնութեան պատճառները եւ առաջքը առնեն անոնց: Եթէ անհատը մշտապէս յոգնած կը զգայ, անհրաժեշտ է որ բժիշկի դիմէ:
Շատեր առաւօտեան հանգիստ կ’արթննան, սակայն երբ աշխատիլ սկսին, գերյոգնած կը զգան: Այսպիսի մարդիկ առողջական հարցէ մը կը տառապին: Շատեր ալ յոգնած կ’արթննան եւ ամբողջ օրը յոգնութենէ կը տառապին: Այս վերջինը արդիւնք է հոգեկան ճնշուածութեան: Երկու պարագաներուն ալ, խնդրոյ առարկան անպայման պէտք է բժիշկի դիմէ:
Պէտք է զանազանել նաեւ յոգնութիւնը քնոտ վիճակէն: Քնոտ վիճակը քունի պակասն է, քնանալու հակամէտութիւնը, իսկ յոգնութիւնը ներուժի եւ տրամադրութեան պակասն է:
ՅՈԳՆԱԾՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ
1-Արեան տկարութիւն
Արեան տկարութիւնը, երկաթի կամ B12, B9 կենսանիւթերու պակասը կրնան յոգնութիւն յառաջացնել: Այս պարագային խնդրոյ առարկայ անձը չի կրնար պարզ աշխատանքն իսկ կատարել՝ աստիճան ելլել, շուկայ երթալ եւ այլն: Ան միշտ տժգոյն կ’ըլլայ, շնչառութիւնը՝ դանդաղ, սրտի արագ տրոփումէ կը տառապի: Այսպիսիները բժշկական լուրջ քննութեան կարիք ունին:
2-Քաղցկեղ
Քաղցկեղէ տառապողներուն մեծամասնութեան մօտ տկարութիւն եւ յոգնութիւն կը նկատուի:Այսպիսիներուն մօտ յոգնութիւն եւ տկարութիւն կը նկատուին, նոյնիսկ դարմանումէն ետք:
3-Մկանային բորբոքում
Մկանային բորբոքումները յոգնութիւն կը կը պատճառեն, որովհետեւ մկանները բնականոն ձեւով չեն շարժիր: Մկաններու մէջ որոշ չափով թոյն՝ կաթնաթթու կը կուտակուի եւ մկաններուն ուժանիւթ արտադրող բջիջները չեն գործեր, կը դառնան անշարժ, իսկ շաքարը չ’այրիր: Այս մէկը կը պատահի, երբ խնդրոյ առարկան երկար ատեն մարզանքի չի հետեւիր:
4-Սնունդ
Սնունդը շատ կարեւոր է, եթէ անբաւարար չափով ուտենք եւ մեր մարմինին մէջ շաքարը պակսի, բնականաբար յոգնածութիւն կը զգանք:
5-Սրտի եւ թոքերու հարցեր
Սրտի եւ թոքերու հարցերը պատճառ կը դառնան յոգնութեան: Արեան բարձր ճնշումը, շնչարգելութիւնը, թթուածինի պակասին հետեւանքով կը յառաջանան: Թոքատապին պատճառը մանրէ մըն է, որուն պատճառով հիւանդը տեւական արիւնով կամ առանց արիւնի հազ կ’ունենայ, տաքութիւնը կը բարձրանայ եւ արեան տկարութիւն կ’ունենայ:
6-Ախտաւոր բորբոքում
Այս մէկը մանրէի մը պատճառով կը յառաջանայ: Հարբուխի կամ գեղձերու բորբոքումի պարագային, օրինակ, հիւանդը յոգնած եւ ուժաթափ կը զգայ, իսկ ապաքինումը երկար կը տեւէ:
7-Հոգեբանական խանգարումներ
Հոգեկան անկումն ու զգացական տագնապը կ’ազդեն մարմինին եւ ջղագրգռութեան, անաշխուժութեան, տրամադրութեան անկումի, կեդրոնացման նուազումի եւ սակաւակերութեան պատճառ կը հանդիսանան:
8-Յոգնութեան այլ պատճառներ
-Շաքարախտը պատճառ կը դառնայ ծանրութեան նուազումին, ծարաւութեան եւ միզելու պահանջքի աճին:
-Վահանագեղձի անբաւարար թերի արտադրութիւնը պատճառ կը դառնայ նաեւ ծանրութեան յաւելման եւ պնդութեան:
Ոսկրայօդային բորբոքումի մնայուն ցաւերը եւս յոգնութիւն կը պատճառեն:
ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
Յոգնութիւնը, եթէ մնայուն չէ, կրնանք յաղթահարել հեռու մնալով մտահոգութիւն եւ ջղայնութիւն յառաջացնող մթնոլորտէ: Անհրաժեշտ է նաեւ խմիչքն ու ծխախոտը դադրեցնել, հաւասարակշռրուած սնունդ ստանալ, բաւարար չափով քնանալ, մարզանքի հետեւիլ եւ բացօթեայ վայրերու մէջ քալել:
Հարկ է օգտուիլ B կենսանիւթով, զինկով, փոթասիոմով հարուստ ուտելիքներէ: Երկաթ պարունակող դեղահատ պէտք չէ առնել առանց բժիշկի խորհուրդին:
Եթէ յոգնութիւնը մնայուն է, պէտք է ենթական արեան քննութեան ենթարկուի, որովհետեւ այս մէկը կը դարմանուի բժիշկին հսկողութեամբ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան