«Դպրոցը յատուկ վայր մըն է, պիտի փնտռէք դպրոցական օրերը»: Այս էր մօրս յաճախ կրկնուող խօսքը, որուն իմ վճռական պատասխանը կ’ըլլար՝ «Մա՛մ, ես տարիներն ու օրերը կը հաշուեմ, ձերբազատելու այս յոգնեցուցիչ  դասերէն ու դասապահերէն: Չեմ կարծեր, որ օր մը կը փնտռեմ այս օրերը»: Ամէն առտու դժգոհելով դպրոց կը յաճախեմ, բայց այս չի նշանակեր, որ չեմ սիրեր դպրոցը: Անկեղծ արտայայտուելու սիրոյն ըսեմ, թէ նախապէս դրուատիքով չէի նկարագրած դպրոցս:
Ամէն բան փոխուեցաւ այն պահուն, երբ հայերէնի ուսուցչուհին թելադրեց դպրոցին մասին  գրել:
Շարադրութիւն գրելը առիթ մը եղաւ մտածելու դպրոցին կարեւորութեան մասին: Անդրադարձայ, որ դպրոցը սուրբ վայր մըն է, ուր մենք կը սորվինք եւ կը զարգանանք, որպէսզի կերտենք մեր ապագան եւ պիտանի անձեր ըլլանք մեր ընկերութեան մէջ, օգտակար դառնանք մեր ծնողքին, ազգին եւ հայրենիքին: Առանց դպրոցին եւ մեր սիրելի ուսուցիչներուն, որոնց դերը մեծ է մեր կրթութեան ու դաստիարակութեան մէջ, բժիշկներ, ճարտարապետներ եւ փաստաբաններ գոյութիւն պիտի չունենային: Մէկ խօսքով տգիտութիւն պիտի տիրէր ամէնուր: Դպրոցին մէջն է նաեւ, որ կը ծանօթանանք մեր դասընկեր-դասընկերուհիներուն: Անոնց հետ հաճելի ժամանակ կ’անցընենք եւ անթիւ յիշատակներ կը հարստացնեն մեր ներաշխարհը:
Քեսապահայերս, բախտաւոր ենք մեր Ճեմարանով: Ուրախ ենք, որ հայկական դպրոց կը յաճախենք: Մինչ ուրիշ պատանիներ կ’երազեն հայկական դպրոց  յաճախել եւ հայեցի կրթութիւն ստանալ: Հայկական դպրոցին մէջ է, որ կը սորվինք մեր գեղեցիկ լեզուն, կը սորվինք ճիշդ գրել, կարդալ ու հայերէն խօսիլ: Դպրոցին մէջ կը ծանօթանանք մեր գրականութեան եւ գրագէտներուն: Հետեւաբար մենք՝ աշակերտներս, պարտինք աջալրջութեամբ սորվիլ մեր լեզուն, կիրարկել զայն ճշգրտօրէն՝ զերծ պահելու մեր լեզուն կորուստի վտանգէն:
 Գործածենք Մեսրոպեան մեր գեղեցիկ տառերը, յատկապէս երբ կը գրենք ընկերային ցանցերուն մէջ: Հայերէնով հաղորդակցինք:
Շողիկ Գաթապեան
Ը. կարգ
Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարա