«Ասպարէզ».- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին յայտարարեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան հետ, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան դնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 296 բանաձեւը։

Նախապէս տեղեկացուցած էինք, որ այս շաբաթ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւներու յանձնախումբի ատենապետ Էլիըթ Էնկըլ յայտնեց, որ ժամանակն է քուէարկութեան դնելու այս բանաձեւը՝ աւելցնելով. «Վստահաբար Թուրիա գոհ չէ այս քննարկումներէն, սակայն պէտք է նկատի ունենալ, որ ներկայիս մենք ալ գոհ չենք Թուրքիոյ արարքներէն»։
Թիւ 296 բանաձեւին գլխաւոր հեղինակներ՝ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ եւ Կաս Պիլիրաքիս եւս նամակով մը դիմեցին իրենց պաշտօնակիցներուն, որ անյապաղ վաւերացնեն բանաձեւը՝ շեշտելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամաբ Քոնկրեսին շարունակուող լռութիւնը առիթ պիտի տայ նման ոճիրներու կրկնութեան։
Ցարդ Ներկայացուցիչներու տան առաւել քան 110 անդամներ եւ 18 ծերակուտականներ կը հովանաւորեն այս բանաձեւերը։ Անոնց ամբողջական ցանկը կարելի է տեսնել https://anca.org/ag-cosponsors կայքէջին վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի քոնկրեսականներուն հետ, ապահովելու համար թիւ 296, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին ներկայացուած թիւ 150 բանաձեւերը։ Բանաձեւին նեցուկ կանգնելու նպատակով ձեր շրջանի քոնկրեսականներուն կարելի է դիմել՝ anca.org/genocide կայքէջին միջոցաւ։