25 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան BBC լրատուական ծառայութեան հետ հարցազրոյց կատարած է:
Պատասխանելով լրագրողին` Լեռնային Ղարաբաղի մասին հարցումին` Մնացականեան ըսած է.
«Տեսէք, յեղափոխութեան շնորհիւ մեր ներքին նպատակներուն հասնելու ճանապարհին ոչ ոք կասկածի չէ ենթարկած մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները: Մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եղած են բաւականին հետեւողական. այն է` ապահովել Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ճարտարապետութեան կայունութիւնը»:
Զոհրապ Մնացականեանի կարծիքին համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցը անվտանգութեան մեծ մարտահրաւէր է Հայաստանի եւ ժողովուրդին համար:
«Մեզի համար , նախեւառաջ, մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան, մարդու անվտանգութեան, 150000 մեր հայրենակիցներու անվտանգութեան հարցն է: Մեր կառավարութիւնը, առանց յապաղելու, անմիջապէս ներգրաւուած է կարգաւորման գործընթացին մէջ, եւ ներգրաւուած ենք կառուցողական ձեւով: Մենք ամբողջովին քաջատեղեակ ենք խաղաղութեան օգուտներուն, մենք խաղաղութիւն կը ցանկանք, մենք կը փափաքինք հասնիլ անոր, սակայն այնպէս, որ կողմերու յանձնառութիւններու ողջմիտ հաւասարարժէքութիւնը պահպանուի եւ մենք լուծենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութեան եւ կարգավիճակի մեր բացարձակ առաջնահերթութիւնները», յայտնած է Արտաքին Գործոց նախարարը: