Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի
( 167-րդ Նիստ)

Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովի 167-րդ նիստը գումարուեցաւ Հինգշաբթի, 24/10/2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ.Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս եւ շարունակուեցաւ Ուրբաթ, 25 Հոկտեմբեր, 2019-ին առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ներկայութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տ.Լեւոն Աբեղայ Եղիայեանի, թեմի երեսփոխաններուն, Ազգ.Կրօնական եւ Ազգ.Վարչութեան շրջանաւարտ կազմերուն, ինչպէս նաեւ Ազգ.Խորհուրդներու ատենապետերուն եւ Ազգ.կրթական հաստատութիւններու տնօրէններուն եւ խնամակալութեան ու հոգաբարձութեան ատենապետերու:
Նիստը յատկացուած էր Թեմի շրջանաւարտ Գործադիր Իշխանութեան զոյգ կազմերուն՝ Ազգ.Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ.Վարչութեան գործունէութեան երկամեայ ( 2017- 2019) տեղեկագիրներու քննարկման. արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:
Բացման նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2019-ին, Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգ.Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:
Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքով , ուրախութիւնը յայտնեց նիստին գումարման առիթով, զայն նկատելով վաւերական եւ ընդգծեց անոր կարեւորութիւնը , երբ Բերիոյ Հայոց Թեմը եւ մեր ժողովուրդը այս հանգրուանին, յատկապէս սուրիական հայրենիքի քաղաքական իրավիճակի նոր զարգացումներու լոյսին տակ՝ կը գտնուին նոր մարտահրաւէրներու առաջ , հրաւիրեց ներկաները լուրջ եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու նիստի բաժիններուն, արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ յաջողութիւն մաղթելով բոլորին:
Ապա յոտնկայս կարդացուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութեան Գիրը՝ ուղղուած Թեմի Ազգ.Երեսփոխանական 167-րդ Նիստին:
Վեհափառ Հայրը , Օրհնութեան Գիրով գոհունակութիւնը կը յայտնէ Ժողովի գումարման եւ կարեւորութեամբ կը հաստատէ, որ Սուրիան հանգրուանային կերպով կը շարունակէ Վերականգնումի եւ Վերակազմակերպումի ընթացքը, եւ անհրաժեշտ է որ շրջանը նաեւ վերանորոգ նուիրումով շարունակէ վերականգնումի գործընթացը, առաջնահերթութիւններու ճշդումով, ուշադրութեան առարկայ դարձնելով նաեւ Թեմի հեռաւոր շրջաններու վերակազմակերպումը:
Վեհափառ Հայրը վստահեցուց Ժողովը, որ Սուրբ Աթոռը, ինչպէս միշտ կը մնայ զօրակից եւ աջակից մեր բոլոր աշխատանքներուն, Առ Բարձրեալն աղօթք առաքելով, որ ամբողջական խաղաղութիւն պարգեւէ Սուրիոյ եւ համերաշխ համակեցութեամբ եւ եղբայրական մթնոլորտի մէջ առաւել ծաղկի Սուրիական Հայրենիքը:
Ժողովը ունկնդրեց Ճեզիրէի նորանշանակ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգեշնորհ Տ.Լեւոն Աբեղայ Եղիայեանի համապարփակ զեկոյցը՝ շրջանին մէջ տիրող իրավիճակի շորջ:
Ներկայացուեցան նաեւ Թեմի շրջանաւարտ Ազգ.Կրօնական Ժողովի,Թեմի խառն Ժողովի նիստերու եւ Ազգ.Վարչութեան երկամեայ տեղեկագիրները , որոնք հանգամանօրէն փոխանցեցին շրջանաւարտ երկամեակի վարչական, ժողովական, հոգեւոր, միջ- համայնքային, միջ-եկեղեցական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կրթական, կալուածական, տնտեսական, ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական, դատաստանական, Վերականգնումի եւ Վերաշինութեան բնագաւառներու լայնածիր գործունէութիւնները:
Ժողովը իր գնահատանքը արձանագրեց շրջանաւարտ կազմերուն, անոնց կողմէ տարուած բազմաբնոյթ աշխատանքը նկատելով խօսուն ապացոյց, որ յաջողած են տնտեսել, ըստ կարելւոյն հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն առաջնահերթ կարիքներուն, արտայայտելով, որպէս կազմակերպ հաւաքականութիւն գործելու կորովն ու կամքը:
Յետ զեկոյցի ներկայացման եւ տեղեկագիրներու ընթերցման, քննարկման ու գնահատման,ներկայացուեցան առաջարկներ եւ Ժողովս հաստատեց.-
1.-Ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ ամուր հաւատքով անսասան պահել Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին:
2.-Ժողովս իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ճեզիրէի հայութեան անոր դիմակայած տագնապին մէջ, նիւթական թէ բարոյական տուեալներով նեցուկ կանգնելով Ճեզիրէի ամբողջ շրջանի հայութեան, նոյնպէս Դամասկոսի շրջանին որ ունի Թէմէն իր ակնկալութիւնները յատկապէս դպրոց – համալիրի վերաշինութեան առնչուած դժուարութիւնները հաղթայարելու:
3.-Ժողովը կը դատապարտէ թրքական ցեղասպանական եւ ծաւալապաշտական միտումներով յարձակումը Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն վրայ, ուր վտանգուեցան նաեւ հայ համայնքները , եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ Սուրիական հայրենիքի հողային եւ պետականութեան ամբողջականութեան , հաւատալով բանակի մարտունակութեան եւ Սուրիոյ մէջ ապրող ժողովուրդի միասնականութեան: Ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը եւ սուրիական հայրենիքի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:
4.- Ամբողջական աջակցութեամբ կը զօրակցի՝ այս օրերուն տագնապի մէջ յայտնուող լիբանահայութեան :
5.-Վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրէն ներս , մասնագիտական սերտողութիւններով վերանայիլ՝ ուսումնական, կալուածային եւ տնտեսական բնագաւառներուն առնչուած բոլոր հարցերը :
6.- Գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել, նորընտիր գործադիր մարմիններու ծրագրային աշխատանքներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ Թեմի Գործադիր Իշխանութեան երկու նոր կազմերու ընտրութիւնը հետեւեալ ձեւով.-
Ազգ. Կրօնական Ժողովի Կազմ
Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան
Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրէխանեան
Տ. Յուսիկ Աւգ.Քհնյ. Սեդրակեան
Տ. Մաշտոց Աւգ. Քհնյ. Արապաթլեան
Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան
Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան
Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեան
Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան
Տ. Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան

Ազգ. Վարչութեան Կազմ
Տիար Մանուէլ Տ.Մանուէլեան
Տիար Յովսէփ Գասապեան
Տիար Յարութ Չամիչեան
Տիար Յարութ Քիլիսլեան
Տկն. Հուրի Ապահունի
Տիար Պայքար Թովմասեան
Տիար Հրայր Թրթռեան
Ընտրուեցաւ նաեւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի նոր Դիւանը՝
Տիար Ժիրայր Ռէիսեան Ատենապետ
Տիար Սունպուլ Սունպուլեան Ատենապետ
Արժ.Տ.Մաշտոց Աւգ.Քհնյ.Արապաթլեան Ատենադպիր
Օրդ.Սիլվա Ճապաղջուրեան Ատենադպիր
Նիստի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, նաեւ գնահատանքը՝ շրջանաւարտ կազմերուն եւ շնորհաւորութիւնները ՝ նորընտիր կազմերուն եւ բարձր գնահատեց բոլորին ծառայութեան միասնական ոգին , որ երաշխինքն է աշխատանքի յաջողութեան եւ բարի աւարտին:
Ողջունեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երկու միաբաններու գործուղղումը Թեմ եւ մասնակցութիւնը աշխատանքներուն:
Որդիական շնորհակալութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, անձնապէս եւ յանուն ժողովականութեան մաղթելով քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն: Ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց սուրիական հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար եւ աղօթք ու յարգանք անոր անվտանգութեան ճանապարհին զոհուած բոլոր նահատակներուն:

Նիստը փակուեցաւ Առաջնրդ Սրբազան Հօր Պահպանիչով եւ «Կիլիկիա» Մաղթերգի համախումբ երգեցողութեամբ:

Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգային Առաջնորդարանի