ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանի անդամ Արտաշէս Շահպազեան Ազգային ժողովի բակէն ներս տեղադրուած յուշակոթողին մօտ` 27 Հոկտեմբերի զոհերուն յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք Yerkir.am-ին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ.«Փորփրել, անդրադառնալ 27 Հոկտեմբերի հարցին կարելի է միայն այն պարագային, եթէ ունինք նոր հիմքեր, բացայայտուած են նոր հանգամանքներ`«այլապէս ես չէի ուզեր, որ այս պետութեան համար վաստակ ունեցողներուն անունները շահարկուէին, կամ անոնց անունները մէջտեղ բերելով փոքր հարցեր լուծելու փորձ կատարուէր»:

«Հարուած հայ ժողովուրդին ու պետականութեան թիկունքին», այսպէս գնահատեց Արտաշէս Շահպազեան 27 Հոկտեմբերի ոճիրը:
«Ես չափազանցուած չեմ համարեր այս միտքը, որովհետեւ այն քաղաքական դասաւորումը եւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք կային`իրենց կենսագրութեամբ, իրենց վաստակով Հայաստանը նոր օրով շարունակելու նախադրեալներ կը ստեղծէին», յայտնեց ան: Արտաշէս Շահպազեանի համաձայն, ոճիրը ըլլալէն առաջ ստեղծուած իրավիճակը մեր ժողովուրդին համար արդիւնաւէտ ժամանակահատուած էր. «Եւ այս հարուածը եկաւ ու ամէն ինչ խորտակեց»: Թէեւ պետութիւնը դիմադրեց դժուարին փորձութիւնը, բայց, անոր խօսքին համաձայն, այսօր ալ հարցին պատասխանները ամբողջութեամբ տրուած չեն. «Մեր մօտ վէրքը տակաւին ամբողջովին ամոքուած չէ»: Ծայրայեղութիւններն ու շահարկումները այս հարցով, անոր համոզումով, արդարացուած չեն: «Կան բարոյական կարմիր գիծեր, որոնք շատ աւելի կարեւոր են, քան միւս կարմիր գիծերը եւ այդ կարմիր գիծերը պէտք չէ անցնիլ», նկատեց ան:
Յիշեցնենք, որ 27 Հոկտեմբեր 1999-ին Նայիրի Յունանեան իր եղբօր, քեռիին եւ քանի մը այլ անձերու հետ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին վրայ յարձակում գործած էր: Զինեալ յարձակումին հետեւանքով զոհուած էին ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Կարէն Տէմիրճեան, վարչապետ Վազգէն Սարգսեան եւ 6 այլ պետական գործիչներ ու ԱԺ պատգամաւորներ, 8 մարդ վիրաւորուած էր: