«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցեց 27 Հոկտեմբեր 1999-ին տեղի ունեցած ոճրագործութեան զոհերուն յիշատակին:
ՀՀ վարչապետը ծաղիկներ զետեղեց ՀՀ Ազգային ժողովի բակին մէջ 27 Հոկտեմբերի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ: Ներկայ էին նաեւ ՀՀ ազգային ժողովի փոխնախագահ Ալեն Սիմոնեան, պատգամաւորներ, ոճրագործութեան զոհերու հարազատներ եւ խորհրդարանի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ: