ՀՅԴ Կեդրոնական Եւրոպայի Շրջանը (Գերմանիա – Աւստրիա – Իտալիա) շաբաթավերջին Միւնիխի մէջ իր 23-րդ Ներկայացուցչական Ընդհանուր Ժողովը գումարեց: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Վիեննայէն, Համպուրկէն, Պերլինէն, Միւնիխէն, Նիւրընպերկէն, Կիսըն-Ֆրանքֆորթէն , Տիւսըլտորֆէն , Քէօլնէն, Հռոմէն ժամանած լիազօր պատգամաւորներ, հրաւիրեալներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յովսէփ Տ. Գէորգեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Գործիչ ընկ. Հրաչ Վարժապետեան, Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչներ:

Ժողովը հանգամանօրէն քննարկեց ընթցաւարտ կոմիտէին երկամեայ գործունէութիւնը, որ կը կեդրոնանար շրջանի կազմակերպական վերաշխուժացման, Հայ Դատի աշխատանքներու, համայնքային եւ համա-հայկական փոխյարաբերութիւններու, Հայաստան – Եւրոպա, Արցախ – Եւրոպա կապերու ամրապնդման վրայ:

Մանրամասն կերպով քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին քաղաքական իրավիճակը, երկրի անվտանգութեան ծառացող մարտահրաւէրները:

Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ երկամեակի աշխատանքային ծրագիրի ընդհանուր խորագիրներու մշակման, ժողովը յատուկ կերպով շեշտեց Կեդրոնական Եւրոպայի տարածքին բարձրագոյն կրթութիւն ստացող յանձնառու երիտասարդութեան եւ հայ ուսանողութեան համախմբման, ժամանակակից միջոցներով հեռաւոր քաղաքներու միջեւ հաղորդակցութեան եւ յարաբերութեանց հզօրացման, նոր սերունդներուն քաղաքական, աշխարհաքաղաքական եւ հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցելու, ինչպէս նաեւ նպատակասլաց հայ դատի աշխատանքներ ծաւալելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ յատուկ կերպով քննարկուեցան նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ թրքական եւ ազերիական հակահայ քարոզչութեան դիմաց հայկական կողմին տեսակէտներն ու դիրքորոշումները հանրայնացնելու հնարաւորութիւնները եւ ընդհանրապէս թուրք-ազերիական հակահայ արշաւին հակազդելու տուեալները: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ Հայաստանի պետականաշինութեան հոլովոյթին մէջ Դաշնակցութեան անվերապահ յանձնառութիւնը:

Իր աշխատանքներու աւարտին ժողովը յառաջիկայ երկամեակին համար ընտրեց նոր մարմին ու ներկայացուիչ:

Դիւան` Ժողովի,
27 Հոկտեմբեր 2019
Միւնիխ-Գերմանիա