«Ազդակ».-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի 28 Հոկտեմբերին այցելեց Այն Թինէ, ուր տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկրին ընդհանուր կացութիւնը:

Տեսակցութենէն ետք երեսփոխան Բագրատունի լրագրողներուն ըսաւ. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը աւելի քան 10 օրէ ի վեր կը հետեւի եւ կը բաժնեկցի ժողովուրդին տագնապը, որ բոլոր զրկուածներուն, երիտասարդներուն, ուսանողներուն եւ ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդին ընդվզումն է: Անտարակոյս կացութիւնը տագնապալի է: 2 Սեպտեմբեր 2019-ին Պաապտայի մէջ գումարուած տնտեսական համաժողովին, զգուշացուցած էինք բոլորը, թէ Լիբանան կը գտնուի անդունդի սեմին եւ պիտի իյնանք անդունդ, եթէ անյապաղ միջոցառումներու չդիմուի»:
Երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ներկայացուած բոլոր պահանջները իրաւացի են, սակայն, «մեծագոյն վտանգը այսօր` պետութիւններէն եւ շրջանային դաւադրութիւններէ հեռու, պետութեան ընդհանուր կործանումն է, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ տնտեսական կործանումը»: Ան ընդգծեց, որ ցոյց կատարելը բոլորին իրաւունքն է, սակայն նոյնպէս բոլորին իրաւունքն է ազատ երթեւեկութիւնը եւ ուսում ստանալը: Բոլորը` հանրապետութեան նախագահէն սկսեալ, կը գիտակցին, որ կան պահանջներ, որոնց գոհացում պէտք է տրուի:
Բագրատունի աւելցուց. «ՀՅԴ-ն իբրեւ հիմնական մէկ մասնիկը այս երկրին, որ նոյնպէս կը տառապի 30-էն 40 տարուան կուտակումներէն, կոչ կ՛ուղղէ բոլորին ապաւինելու սահմանադրական կառոյցներուն, սկսած խորհրդարանէն, ուր կան օրէնքներ, որոնք ցարդ գործադրութեան չեն դրուած, հասնելով կառավարութեան, որ պէտք է նիստ գումարէ եւ սկսի պատրաստուիլ յառաջիկայ նոր փուլին, հասնելով մինչեւ այլընտրանքին` կառավարութեան կազմին բարեփոխման, կամ ամբողջական հրաժարականին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան, որ ատակ պէտք է ըլլայ աւելի լաւ հակակշռելու այս վտանգաւոր կացութիւնը, ուր պէտք է յարգուին բոլոր քաղաքացիներուն իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, նոյնպէս յարգուին սահմանադրական կառոյցները, եւ ապահովուի քաղաքացիին արժանապատիւ կեանք ապրելու իրաւունքը»:
Բագրատունի յայտնեց, որ այս զայրոյթը պիտի շարունակուի, բայց անհրաժեշտ նկատեց նաեւ տրամաբանութեան բաւարար տեղ տալ եւ գիտակցիլ, որ բոլորը երկխօսութեան ճամբով կրնան լուծումներ գտնել եւ քաղաքացիներուն պահանջներուն գոհացում տալ: Այս առնչութեամբ երեսփոխան Բագրատունի կոչ ուղղեց ժողովուրդին, բոլոր պատասխանատուներուն, քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն եւ քաղաքացիական շարժումին դասեր քաղելու անցեալէն, որովհետեւ երկրին ճակատագիրը վտանգի տակ է:
«Մենք ժողովուրդը չենք վախցներ, բայց պէտք է լուծումներ գտնել եւ այդ բոլոր մօտեցումները պէտք է միաձուլել ի շահ երկրի փրկութեան», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի: