«Ապառաժ».- 30 Հոկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, որպէս հիմնական բանախօս, ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրեսէն ներս տեղի ունեցած նախաձեռնութեան` նուիրուած Արցախի անկախութեան: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Քոնկրեսի հայկական հարցերու յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ ԱՄՆ-ի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան ու Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի միատեղ ջանքերով:
Արցախի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է ձեռնարկին ներկայ քոնկրեսականներուն` նախօրէին ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն 1915-1923 թթ․ Օսմանեան Կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը սատարելուն համար:
Իր ելոյթով Մասիս Մայիլեան անդրադարձ կատարած է Արցախի պետականաշինութեան, հանրապետութեան միջազգային ճանաչման ու միջազգային գործակցութեան ընդլայնման գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման:
Ձեռնարկին ելոյթ ունեցած քոնկրեսականները վերահաստատած են իրենց հաստատակամութիւնը` Արցախի անվտանգութեան ամրապնդման եւ միջազգային ճանաչման սատարելու:
Քոնկրեսի անդամներ Պրէտ Շերման եւ Ֆրենք Պալոուն հանդիսաւոր կերպով Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան ղեկավար ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանին փոխանցած են ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող H.Res.296 բանաձեւին կրկնօրինակը:
Ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի ԱՄՆ Յանձնախումբի եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչները: