-Հայերէնը շատ հին լեզու է: Հայերէնի գիրերը անփոխարինելի են ուրիշ լեզուներու գիրերուն հետ, որովհետեւ անոնք յատուկ են մեր լեզուի հնչիւններուն: Հայերէնը ունի շատ գեղեցիկ տառատեսակներ եւ զարդագիրեր: Ես շատ կը սիրեմ հայերէնը, որովհետեւ մեր մայրենի լեզուն է: Զայն պահելու համար պէտք է հայերէնի դասերը լաւ սորվինք եւ հայերէն գիրքեր կարդանք: Օտարութեան մէջ հայ ընտանիքները պէտք է իրենց զաւակներուն հետ հայերէն խօսին եւ զիրենք հայկական դպրոցներ ղրկեն, պահելու համար մեր մայրենին: Ես կը փափաքիմ, որ արեւմտահայերէնը չկորսուի, որովհետեւ ան հին եւ գեղեցիկ լեզու է, եւ հիմա քիչերու կողմէ կը գործածուի:
Հրաչ Աշըգեան 
Զ. կարգ 
***
-Հայ լեզուն այն լեզուն է, որ իր 38 ոսկեղէն տառերով պահեց հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին, հարստացուց հայկական մշակոյթը եւ գրականութիւնը: Մեր պարտականութիւնն է պահել մեզի ժառանգ ձգուած այս թանկագին հարստութիւնը, զայն մաքուր գործածել ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ: Բայց այս դարուն, ափսոս, հայ լեզուն վտանգուած է եւ կորուստի ենթակայ Սփիւռքի մէջ: Մենք պէտք է պահենք զայն, հայերէն խօսելով, գրելով եւ հայկական դպրոցներ բանալով:
Բարտի Լնդեան 
Ը. կարգ 
***
-Հայ լեզուն գեղեցիկ եւ նուրբ լեզուներէն է: Ան հնամենի լեզու է, որ մինչեւ օրս կը գոյատեւէ:
Աննման է ՝ Մ. Մաշտոցի ստեղծած 36 տառերով, երկաթագիրով, թռչնագիրով, գրաբարով, աշխարհաբարով, իր նուրբ ու քաղցր հնչիւններով:
Հայ լեզուն գանձ մըն է, որ ժառանգած ենք մեր պապերէն: Ան կը գոյատեւէ Սփիւռքի մէջ:
Մենք պատրաստ ենք եւ պարտական հաստատուն պահելու մեր լեզուն եւ զայն աւանդելու յաջորդ սերունդներուն:
Էւա Պետրճիքեան
Ը. կարգ
Քեսապի Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարան