Ամէն ազգ ունի իր լեզուն, որ իրեն համար իւրայատուկ է: Բոլորին մէջ Հայերէնը տարբեր է. ան ի՛մս է, մայրենի լեզուս է: Ծովերուն, տիեզերքին ու գարնան ծաղիկներուն նման գեղեցիկ է, ոսկիի նման գանձ մըն է, փայլուն արժէք մը: Ան երկար պատմութիւն ունի, տեսակաւոր փուլերէ անցած է: Ներկայիս կը բաժնուի երկու ճիւղերու՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն: Դժբախտաբար գաղթերը դէպի օտար երկիրներ շատցեր են: Այդ պատճառով ամէն մէկ սերունդէն մաս մը հայերէն գրել-կարդալ չի գիտեր: Շատեր ալ իրենց մայրենին մոռնալով՝ կը խօսին օտար լեզուներ եւ այսպիսով կը վտանգուի մեր լեզուն: Թէեւ մենք արաբական երկիրներու մէջ կ’ապրինք եւ մեր բոլոր շուրջինները հայերէն չեն խօսիր, բայց կարեւոր է, որ մենք խօսինք եւ կը պահենք հայերէնը: Ինչպէ՞ս: Իրարու հետ հայերէն խօսինք։ Մեր հայերէն դասերուն առաւել կարեւորութիւն տանք, մեր ընթերցանութիւնն ու ուղղագրութիւնը զարգացնելու նպատակով՝ հայերէն գիրքեր կարդանք, համակարգիչներուն մէջ հայերէն տառեր գործածենք եւ բոլոր անոնք, որոնք օտարութեան մէջ կ’ապրին՝ չձգեն որ իրենց զաւակները մոռնան մայրենի լեզուն: Ինչպէս կ’ըսէ Սիլվա Կապուտիկեան. «Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես,
Քո մայր լեզուն չմոռանաս»:
 Ան նաեւ կ’ըսէ.
«Պահիր նրան բարձր ու վճիտ, 
Արարատի սուրբ ձիւնի պէս,
 Պահիր նրան սրտիդ մօտիկ, 
Քո պապերի աճիւնի պէս, 
Ու ոսոխի զարկիցը սեւ, 
Դու պաշտպանիր կրծքով նրան, 
Ինչպէս մօրդ կը պաշտպանես, 
Թէ սուր քաշեն մօրդ վրան»: 
Ուրե՛մն, պահենք եւ պաշտպանենք հայերէնը, որպէսզի Մեսրոպեան սուրբ տառերը չկորսուին մեր ծուլութեամբ: Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ բախտաւոր՝ որ հայկական դպրոց կը յաճախեմ:
Շողիկ Գաթապեան 
Ը.Կարգ
Քեսապի Ազգ.Ուսումնասիրաց Միացեալ ճեմարան