ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶՍՊԵԼ ԲԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՎԷՃԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Խորունկ շնչել ու արտաշնչել
Վէճերու ընթացքին հանգստութիւնը պահպանելու կարողութիւնը կապուած է լիցքաթափելու ձեր կարողութեան հետ յատկապէս։ Քանի մը անգամ մակերեսային, ոչ-խորունկ շունչ քաշելը օրկանիզմին պատասխան արձագանգն է ճնշուած հոգեվիճակին։ Անյարմար կացութիւններու չմատնուելու համար պէտք է փորձել խորունկ շնչել, որուն շնորհիւ ալ ուղեղը կը սկսի աւելի սթափ աշխատիլ։ Փորձեցէք խորունկ շնչել բերնով, իսկ արտաշնչել քիթով։ Այդպիսով դուք կրնաք դադրեցնել ճնշուածութեան հորմոնները՝ օրինակ ատրենալինին ու քորտիզոլին արտադրութիւնը։
Ուշադրութիւն Դարձուցէք ձեր մարմնին Կրած փոփոխութեան
Եթէ կեդրոնանաք վէճի ընթացքին յառաջացող մարմնային զգացողութեան վրայ, կրնաք զայն փոխել։ Երբ մարդուն ուշադրութիւնը կեդրոնանայ իր մարմնին վրայ, ան կրնայ զգալ իր լարուածութիւնը, մակերեսային շնչառութիւնը եւ այլն։ Երբ նկատէք որ ձեր մարմինը գերլարուած է՝ փորձեցէք ըստ կարելւոյն թուլցնել ձեր ձեռքերն ու մկանները ընդհանրապէս։ Նման դիրքը ցոյց կուտայ ձեր հանգստութիւնը, ինչ որ կ’օգնէ շրջանցելու լարուածութիւնը։
Ուշադիր Մտիկ Ըրէք
Մարդուն բնորոշ է վէճ սկսիլ այն պարագային, երբ կը զգայ, որ զրուցակիցը մտիկ չ’ըներ իրեն։ Վէճը շրջանցելը բաւական դժուար է, եթէ դուք մտիկ չէք ըներ ձեզի ըսուածը։ Փորձեցէք ձեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ձեր զրուցակիցին ըսածներուն վրայ։ Մի՛ ընդհատէք զինք ձեր մըտքերով ու դիտողութիւններով։ Դուք կրնաք ձեր միտքը արտայայտել ձեր զրուցակիցին մտիկ ընելէն ետք միայն։
Փորձեցէք յստակ Հարցումներ ուղղել
Յստակ հարցումներ ուղղելը շատ կարեւոր է, եթէ կը փափաքիք վերջ տալ վէճին։ Ատիկա ցոյց կու տայ, որ դուք ուշադիր մտիկ կ’ընէք ձեր զրուցակիցին եւ կը յարգէք զինք։ Հարցուցէք օրինակ, թէ ինչո՞ւ այդպէս կը մտածէ, ի՞նչ է պատճառը եւ այլն։ Ուշադրութեամբ ընտրեցէք ձեր արտասանած բառերը եւ ուղղած հարցումները։
Ցած ձայնով խօսեցէք
Ձայնի բարձրութիւնն ու երանգը կապուած են զարկերակային ճնշումին հետ։ Եթէ ձեր ձայնը բարձր է, դժուար կը դառնայ հասկնալ ձեր ըսածին իմաստը։ Փորձեցէք մեղմացնել զրուցակիցին բարկութիւնը եւ մեղմ ձայնով խօսիլ։ Միայն այդպէս կարելի է հանգստացնել զինք
ՊՏՈՒՂՆԵՐՈՎ ԴԻՄԱԿՆԵՐ՝ ԱՉՔԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ՄԱՇԿԻՆ ՀԱՄԱՐ
Աչքերուն շուրջ գտնուող մաշկը բաւական զգայուն է: Այս իսկ պատճառով անհրաժեշտ է օգտագործել իւրայատուկ դիմակներ, որոնք կարելի է պատրաստել իւղերով, եւ պտուղներով։ Պտուղներով դիմակները բաւական օգտակար են, քանի որ մաշկը կը սնուցանեն կենսանիւթերով եւ այլ օգտակար նիւթերով։
Կ’առաջարկենք երկու դիմակ, որոնք կարելի է կիրառել տարուան բոլոր եղանակներուն։
ՊԱՆԱՆՈՎ ԴԻՄԱԿ
Անհրաժեշտ բաղադրիչներն են՝ կէս պանան, մէկ թէյի դգալ սեր եւ մէկ թէյի դգալ բուսական իւղ։
Պանանը հարիչէ անցընել եւ խիւսի վերածել՝ աւելցնելով իւղն ու սերը։ Պատրաստուած զանգուածը կարելի է քսել աչքերուն շուրջը գտնուող մաշկին վրայ, իսկ 15-20 վայրկեան վերջ դէմքը լուալ։
ՆԱՐԻՆՋՈՎ ԴԻՄԱԿ
Անհրաժեշտ բաղադրիչներն են՝ մէկ մեծ նարինջ (կարելի է փոխարինել երկու մեծ մանտարինով), մէկ թէյի դգալ մեղր, մէկ հաւկիթի դեղնուց եւ մէկ ճաշի դգալ ձիթապտուղի ձէթ։
Նարինջի (կամ մանտարիններու) հիւթը քամել եւ լեցնել մեղրին մէջ՝ աւելցնելով հաւկիթի դեղնուցն ու իւղը։ Բոլոր բաղադրիչները լաւ մը խառնելէ ետք, պատրաստուած զանգուածը քսել մաքուր մաշկին վրայ։ 15 վայրկեան ետք, դէմքը լուալ տաք ջուրով՝ առանց օճառ օգտագործելու։