Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, պահանջելով Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը` կառավարութեան 7 Նոյեմբերի նիստին:
Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ այն պատճառներուն, որուն լոյսին տակ միութիւնը այս պահանջը կը ներկայացնէ:
«Իր պաշտօնավարման ընթացքին Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ`
– դպրոցական ծրագիրէն հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն նիւթին դուրս բերումը,
– Համալսարանական ծրագիրին մէջ «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերը ոչ-պարտադիր դարձնելու առաջարկը,
– Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ յատկացուող նիւթական յատկացումներու առաջնահերթութիւնները (օրինակ` Հայաստանի Հանրապետութենէն արտագաղթած, օտար պետութիւն ապաստան հայցած եւ սեռափոխ եղած անձի մասին ժապաւէնի նկարահանման նպատակով 20 միլիոն դրամի յատկացումը),
– նիւթին շուրջ տրուած հարցազրոյցներն ու մեկնաբանութիւնները
փաստեր են, որոնք կը խօսին նախարարին` մեր` հայկական ինքնութեան հիմքը կազմող ազգային արժէքներու նկատմամբ ունեցած անպատշաճ, յաճախ անյարիր ու անթաքոյց հեգնական վերաբերմունքին մասին», կը յիշուի յայտարարութեան մէջ:
Առ այդ, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութիւնը անթոյլատրելի կը նկատէ սեփական հայրենիքի պատմութեան եւ սեփական ժողովուրդի էութեան հիմք հանդիսացող արժէքներուն նկատմամբ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի նման վերաբերմունքը եւ կը պահանջէ անոր հրաժարականը:
«Արայիկ Յարութիւնեանի պաշտօնավարման շարունակութիւնը վտանգի տակ կը դնէ հայկական կրթական համակարգի, հայկական գիտութեան, հայկական մշակոյթի եւ հայկական մարմնակրթութեան ապագան, ուստի մեր հետագայ քայլերը պիտի բխին այս տրամաբանութենէն», կ՛եզրափակէ յայտարարութիւնը: